Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Փարիզը Կ’օգտագործէ Երեւանը Որպէս Սեփական Նպատակներուն Հասնելու Գործիք». ՌԴ ԱԳՆ

«Փարիզը Կ’օգտագործէ Երեւանը Որպէս Սեփական Նպատակներուն Հասնելու Գործիք». ՌԴ ԱԳՆ

by MassisPost

Փարիզը կ’օգտագործէ Երեւանը որպէս սեփական նպատակներուն հասնելու գործիք եւ չ’առաջնորդուիր Հայաստանի ու հայ ժողովուրդին շահերով։ Ճեպազրոյցի ընթացքին այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Արտաքին գործերու նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան՝ մեկնաբանելով Ֆրանսայի իշխանութիւններուն գործողութիւնները՝ զինելու Ուքրանիան, իսկ այժմ արդէն՝ Հայաստանը։

«Սա բնորոշ է Փարիզի քաղաքականութեան՝ ըլլալ ամէնուր եւ որեւէ պատասխանատվութիւն  չկրել: Անոնք միլիոն հնարաւորութիւններ ունէին  հակամարտութիւնները լուծելու համար, անոնցմէ մէկն ալ նոյն Մինսքի  համաձայնագրերն էին: Յետոյ մենք իմացանք, որ այդ եղած է սոսկ շղարշ»,- ըսած է Զախարովան:

Անդրադառնալով կովկասեան տարածաշրջանին՝ Զախարովան ընդգծած է, որ կայ խաղաղութեան ծրագիր, իրավիճակի կարգաւորման քայլ առ քայլ ճանապարհային քարտէզ, տնտեսական եւ մարդասիրական հնարաւորութիւններու բացում, փոխադրութեան լոկիսթիքի կառուցում, եւ այդ ամէնը ներառուած է Երեւանի, Պաքուի եւ Մոսկուայի կողմէ ձեռք բերուած համապատասխան պայմանաւորուածութիւններուն մէջ։

Զախարովան կը կարծէ, որ Փարիզի հռետորաբանութիւնը ուղղուած է ոչ թէ խաղաղ կարգաւորման, այլ հակամարտութեան հաւաականութիւնը բորբոքելուն։ Միաժամանակ ան վստահ է, որ Ֆրանսայի իշխանութիւնները անկէ յետոյ պատասխանատուութիւն պիտի չկրեն, եւ պիտի տառապին խաղաղ մարդիկ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment