Home ՀԱՅԱՍՏԱՆԱՐՑԱԽ «Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Չէ Յանձնած Ատրպէյճանին». Քարասինը Պատասխանած Է Արմէն Գրիգորեանին

«Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղը Չէ Յանձնած Ատրպէյճանին». Քարասինը Պատասխանած Է Արմէն Գրիգորեանին

by MassisPost

Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի պնդումը առ այն, որ Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յանձնած է Ատրպէյճանին, բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ի հետ զրոյցին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Խորհուրդի միջազգային հարցերով կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասինը։

Քարասինը ընդգծած է, որ Գրիգորեանը պէտք է ծանօթանայ այս հարցին վերաբերեալ հայ քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն:

«Ատիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Պէտք է դիմել հայ քաղաքական գործիչներու՝ ներառեալ բարձրագոյն ղեկավարութեան, գրառումներուն եւ ելոյթներուն: Անոնց մէջ կան այդ հարցերուն պատասխանները: Այդ գրառումները յայտնի են, թող կարդայ»,- ըսած է Քարասինը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment