Home ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐ Մենք Յստակ Ենք Ալիեւի Հետ. Ժամանակն Է Խաղաղութեան՝ Սա Է Մեր Ուղերձը. Օպրայըն

Մենք Յստակ Ենք Ալիեւի Հետ. Ժամանակն Է Խաղաղութեան՝ Սա Է Մեր Ուղերձը. Օպրայըն

by MassisPost

Մենք յստակ ենք Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ. ժամանակն է խաղաղութեան: Այս մասին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով օգնական Ճէյմզ Օպրայընը Ներկայացուցիչներու պալատի Արտաքին յարաբերութիւններու կոմիտէին մէջ լսումներու ժամանակ՝ անդրադառնալով Ատրպէյճան նախատեսուող այցին։

Անոր խօսքով, սակայն, խաղաղութեան հասնիլը միայն Ատրպէյճանի գործը չէ, այլեւ տարածաշրջանի եւ ամբողջութեամբ Կեդրոնական Ասիոյ:

«Այս բոլոր երկիրները համաշխարհային շուկայ կ’արտահանեն կա՛մ Ռուսաստանի, կա՛մ Չինաստանի միջոցով։ Անոնք պէտք է աշխատին Ատրպէյճանի հետ որպէս այլընտրանք։ Մէկ երթուղին կ’անցնի Վրաստանով եւ Սեւ ծովով, իսկ միւսը, հաւանական աւելի խոշոր երթուղին, կ’անցնի Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ տարածքով։ Այս առումով մեզի անհրաժեշտ է խաղաղութեան պայմանագիր Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ՝ վերջ դնելու պատերազմին եւ 1990 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունեցող այս ահաւոր հակամարտութեան։ Սա է մեր ուղերձը՝ ժամանակն է խաղաղութեան»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment