Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանը Կ’ուզէ Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-էն, Ռուս Զինուորականները Աստիճանաբար Կը Լքեն Հայաստանը. Ալէն Սիմոնեան

Հայաստանը Կ’ուզէ Դուրս Գալ ՀԱՊԿ-էն, Ռուս Զինուորականները Աստիճանաբար Կը Լքեն Հայաստանը. Ալէն Սիմոնեան

by MassisPost

Հայաստանի Հանրապետութիւնը կ’ուզէ դուրս գալ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն, երկրէն աստիճանաբար դուրս կու գան ռուս զինուորականները։

Այս մասին ըսած է Լաթվիաի խորհրդարանի ղեկավար Տայկա Միերինան՝ փոխանցելով ՀՀ Ազգային Ժողովի խօսնակ Ալէն Սիմոնեանի խօսքերը։

«Մենք խօսեցանք այն մասին, որ Հայաստանը կը գտնուի ԵՄ մտնելու ճանապարհին։ Եւ այդ է պատճառը, որ կ’ուզէ դուրս գալ ՀԱՊԿ-էն, որ կը ղեկավարէ Ռուսաստանը։ Բացի անկէ, Հայաստանը մեզի տեղեկացուցած է, որ ռուսաստանցի զինուորականները կամաց-կամաց կը լքեն երկիրը»,- փոխանցած է Ալէն Սիմոնեանի հետ իրենց առանձնազրոյցի մանրամասնութիւնները անոր լաթվիացի գործընկերը։

Իր հերթին, Ալէն Սիմոնեանը յայտնած է, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցածը շատ նման է ուքրանական իրադարձութիւններուն։

«Այն, ինչ կատարւում է մեր տարածաշրջանում, նոյն պատմութիւնն է, ինչ Ուքրանիայում։ Գործող անձինք պարզապէս մի փոքր տարբեր են: Մեզ աջակցութիւն է պէտք երկարաժամկէտ խաղաղութեան համար։ Մենք տարածքային պահանջներ չունենք մեր հարեւանների նկատմամբ. Մեզ միայն Ատրպէյճանի կառավարութեան ցանկութիւնն է պէտք՝ խաղաղութիւն հաստատելու։ Եւ այս հարցում մեզ անհրաժեշտ է Լաթվիայի եւ եւրոպական այլ գործընկերների օգնութիւնը։ Մենք կիսում ենք Լաթվիայի եւ ԵՄ անդամների արժէքները, ուստի մեզ աջակցութիւն է պէտք ԵՄ ընտանիքի լիիրաւ անդամ դառնալու համար»,- ըսած է ան։

Հայաստանը կը կիսէ ԵՄ արժէքները եւ կը փափաքի Եւրոմիութեան մաս ըլլալ:

Ան յայտնած է, որ օրեր առաջ Հայաստանի խորհրդարանին մէջ կը քննարկուէր Հայաստանի՝ ԵՄ անդամ դառնալու շուրջ հանրաքուէ անցընելու մասին հարցը։

«Կարծում եմ, որ մօտ ապագայում մենք կ’ունենանք այս հանրաքուէն, եւ վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդը կ’ասի՝ այո»,- ըսած է Ալէն Սիմոնեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment