Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Երեւանը Պաքուէն «Դրական Արձագանգ Չի Տեսներ» Խաղաղութեան Պայմանագիրը Մէկ Ամսուան Մէջ Ստորագրելու Առաջարկին

Երեւանը Պաքուէն «Դրական Արձագանգ Չի Տեսներ» Խաղաղութեան Պայմանագիրը Մէկ Ամսուան Մէջ Ստորագրելու Առաջարկին

by MassisPost

Երեւանը Պաքուէն «դրական արձագանգ չի տեսներ» խաղաղութեան պայմանագիրը մէկ ամսուան մէջ ստորագրելու առաջարկին, յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը։ Արարատ Միրզոյեան այս յայտարարութիւնը հնչեցուց խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին շուրջ ատրպէյճանական հերթական առաջարկները ստանալէ յետոյ։

«Մենք գրեթէ վերջնականացրել ենք խաղաղութեան պայմանագրի նախագծի բնագիրը եւ Հայաստանը պատրաստ է այն մէկ ամսում ամբողջութեամբ աւարտին հասցնել եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը Ատրպէյճանի հետ։ Ես չեմ կարող ասել, որ մենք տեսնում ենք դրական արձագանգ Ատրպէյճանից այս առաջարկին՝ ստորագրել խաղաղութեան համաձայնագիրը մէկ ամսում»,- նշեց Միրզոյեան։

Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան ղեկավարը Թալինի մէջ իր էսթոնացի պաշտօնակիցին հետ համատեղ ասուլիսին մէջ շեշտեց՝ Երեւանը կը շարունակէ նուիրուած մնալ խաղաղութեան գործընթացին եւ Ատրպէյճանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման, վերստին ընդգծելով, իրար տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը եւ սահմանազատման գործընթացը պէտք է շարունակուի 1991 թուականի Ալմա-Աթայի հռչակագրի հիման վրայ։

«Ես խորապէս հաւատում եմ, որ այժմ Հարաւային Կովկասում հակամարտութեան էջը փակելու եւ տարածաշրջանում խաղաղութիւն հաստատելու պահն է։ Այդ խաղաղութիւնն օգտակար կը լինի տարածաշրջանի բոլոր երկրների եւ մարդկանց համար։ Մենք կը շարունակենք աշխատել այդ ուղղութեամբ եւ ակնկալում ենք մեր գործընկերների ամուր աջակցութիւնը, ովքեր հետաքրքրուած են Հարաւային Կովկասում կայունութեամբ եւ երկարատեւ խաղաղութեամբ»,- ընդգծեց Արարատ Միրզոյեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment