Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ «Գարեգին Բ. Կոչեր Կը Հնչեցնէ Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականին Մասին». ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Զեկոյցը՝ ՀՀ-ի Վերաբերեալ

«Գարեգին Բ. Կոչեր Կը Հնչեցնէ Վարչապետ Փաշինեանի Հրաժարականին Մասին». ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութեան Զեկոյցը՝ ՀՀ-ի Վերաբերեալ

by MassisPost

ԱՄՆ Պետական Քարտուղարութիւնը հրապարակած է աշխարհի շուրջ 200 երկրի մէջ, ներառեալ՝ Հայաստանը, կրօնական ազատութիւններու մասին տարեկան իր զեկոյցը:

Հայաստանի հատուածին մէջ այն կը խօսի եկեղեցի-կառավարութիւն յարաբերութիւններու լարուածութեան, կրօնական փոքրամասնութիւններու հետ կապուած խնդիրներու եւ այլ հարցերու մասին։

Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի «սահմանադրութիւնը կ’արգիլէ կրօնքի վրայ հիմնուած խտրականութիւնը եւ կը սահմանէ «կրօնական կազմակերպութիւններու» եւ պետութեան տարանջատում։ Այն կը ճանչնայ «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ» որպէս ազգային եկեղեցի բացառիկ առաքելութիւնը «Հայաստանի ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ, ազգային մշակոյթի զարգացման եւ ազգային ինքնութեան պահպանման գործին մէջ»։

Զեկոյցը կը շեշտէ. «Կառավարութեան եւ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները, այդ շարքին՝ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ, կաթողիկոս Գարեգին Բ. ու վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակային քննադատական յայտարարութիւններ ըրած են իրարու հասցէին՝ կապուած Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցով կառավարութեան գործունէութեան եւ քաղաքականութեան մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ ներգրաւուածութեան հետ»։

Ըստ զեկոյցին՝ 2023 թուականի ընթացքին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականները շարունակած են առանց սահմանափակումներու մասնակցիլ քաղաքացիական խօսոյթին, իսկ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը՝ կոչեր հնչեցնել վարչապետ Փաշինեանի հրաժարականին մասին:

«Սեպտեմբեր 19-20-ին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ատրպէյհանի ռազմական գործողութիւններէն եւ Լեռնային Ղարաբաղէն գրեթէ բոլոր հայերու հեռացումէն յետոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ եպիսկոպոսաց հաւաքը Հոկտեմբեր 3-ին յայտարարութիւն տարածած է՝ քննադատելով Հայաստանի կառավարութեան վերաբերմունքը ստեղծուած իրավիճակին հանդէպ»,- կ’ըսուի Պետական Քարտուղարութեան զեկոյցին մէջ:

Ըստ անոր՝ չնայած Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առարկութիւններուն՝ 2023 թուականի ուսումնական տարուան ընթացքին իշխանութիւնները սկսան աստիճանաբար հանել «Հայ առաքելական եկեղեցւոյ պատմութիւն» դասընթացքը պարտադիր դպրոցական ծրագրէն՝ փոխարէնը զայն ներառելով համապատասխան պատմական բովանդակութիւն ունեցող հայագիտական աւելի լայն ուսումնական ծրագրին մէջ:

Այս քայլը, ըստ Պետական Քարտուղարութեան, ողջունած են Հայաստանի մէջ եզտիական համայնքի ներկայացուցիչները. անոնց երեխաները եւս ստիպուած եղած են ուսուցանել այս պարտադիր դասընթացքը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment