Հայաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի պնդումը առ այն, որ Ռուսաստանը Լեռնային Ղարաբաղը յանձնած է Ատրպէյճանին, բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան։ Այս մասին «Ռիա Նովոսթի»-ի հետ զրոյցին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան Խորհուրդի միջազգային հարցերով կոմիտէի ղեկավար Կրիկորի Քարասինը։
Քարասինը ընդգծած է, որ Գրիգորեանը պէտք է ծանօթանայ այս հարցին վերաբերեալ հայ քաղաքական գործիչներու յայտարարութիւններուն:
«Ատիկա բացարձակապէս չի համապատասխաներ իրականութեան: Պէտք է դիմել հայ քաղաքական գործիչներու՝ ներառեալ բարձրագոյն ղեկավարութեան, գրառումներուն եւ ելոյթներուն: Անոնց մէջ կան այդ հարցերուն պատասխանները: Այդ գրառումները յայտնի են, թող կարդայ»,- ըսած է Քարասինը: