Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանի Մասին Խօսելով Կարելի Չէ Աչք Փակել, Որ Երկրի Քաղաքական Ուղղութիւնը Երթալով Աւելի Կը Թեքի Դէպի Արեւմուտք․ Օվերչուք

Հայաստանի Մասին Խօսելով Կարելի Չէ Աչք Փակել, Որ Երկրի Քաղաքական Ուղղութիւնը Երթալով Աւելի Կը Թեքի Դէպի Արեւմուտք․ Օվերչուք

by MassisPost

ԵԱՏՄ-ն ու Եւրոմիութիւնը անհամատեղելի են, իսկ արտատարածաշրջանային խաղացողներու մուտքը Հայաստան հետեւանքներ պիտի ունենայ։

Այս մասին «Փրիմաքովեան ընթերցումներ» միջազգային գիտափորձագիտական 10-րդ համագումարին ունեցած իր ելոյթին ժամանակ յայտարարած է Ռուսաստանի փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքը։

Անոր գնահատմամբ՝ Հայաստանի մասին խօսելով կարելի չէ աչք փակել այն բանին վրայ, որ այսօր այդ երկրի քաղաքական ուղղութիւնը երթալով աւելի կը թեքի դէպի Արեւմուտք։

«Պէտք է նաեւ հասկնալ, որ Եւրոմիութիւնը եւ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնը անհամատեղելի բաներ են։ Եւ այն օգուտները, որոնք որեւէ երկիր կը ստանայ Ռուսաստանի հետ մտերմութենէն, նոյնպէս պէտք է ընկալուին որպէս վճար, որ մենք կը վճարենք մեր անվտանգութեան եւ ռազմավարական խորութեան համար գին, հետեւաբար որոշ արտատարածաշրջանային խաղացողներու այնտեղ գալը, ի հարկէ, պիտի ունենայ հետեւանքներ»,- ըսած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment