Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Կ’ողջունենք Բարեխիղճ Ջանքերը՝ Ուղղուած Լարուածութեան Թուլացման․ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

Կ’ողջունենք Բարեխիղճ Ջանքերը՝ Ուղղուած Լարուածութեան Թուլացման․ ԱՄՆ Դեսպանութիւն

by MassisPost

Կ’ողջունենք խաղաղութեան ուղղութեամբ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարուող աշխատանքները, կ’աջակցինք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան։

Այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն՝ ի պատասխան «Լուրեր»-ու հարցումին, թէ ինչպէս Միացեալ Նահանգները կը գնահատէ զինադադարի խախտման դէպքերու հետաքննութեան երկկողմ մեխանիզմ ստեղծելու հայկական կողմին առաջարկը:

«Մենք կ’ողջունենք բարեխիղճ ջանքերը՝ ուղղուած լարուածութեան թուլացման եւ տարածաշրջանին մէջ տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելուն։ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու հետագայ քայլերուն՝ կողմերուն համար օգտակար որեւէ ձեւով։

Կողմերը վերջին տարուայ ընթացքին նշանակալի յառաջընթաց ունեցած են։ Մենք կը քաջալերենք կողմերը՝ պահը բաց չթողել, շարունակել նախկին բանակցութիւնները եւ հնարաւորինս շուտ ստորագրել համաձայնութիւն։

Միացեալ Նահանգները յստակ փաստած է, որ այս հակամարտութիւնը ռազմական լուծում չունի։ Կը կարծենք՝ շարունակուող բռնութիւնները կը խաթարեն տեւական եւ արժանապատիւ խաղաղութեան հասնելու ճանապարհին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ունեցած յառաջընթացը»,- նշած են ԱՄՆ դիւանագիտական ներկայացուցչութենէն։

Դեսպանութենէն նաեւ յոյս յայտնած են, որ Հայաստանն ու Ատրպէյճանը հնարաւորինս շուտ կը ստորագրեն տեւական խաղաղութեան համաձայնագիր՝ ճանչնալով ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment