Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Այսպիսի Կշռոյթներով Ֆրանսան Կրնայ Դառնալ Մեր Ռազմավարական Գործընկերը. Խաչատրեան

Այսպիսի Կշռոյթներով Ֆրանսան Կրնայ Դառնալ Մեր Ռազմավարական Գործընկերը. Խաչատրեան

by MassisPost

Հայաստանն ու Ֆրանսան ռազմական ոլորտին մէջ համագործակցութիւնը անցեալ տարեվերջին սկսած են։ Աշնան ստորագրուած պայմանագրերով Փարիզը պարտաւորուած է Երեւանին մատակարարել երեք «Mistral» հրթիռներ, «GM200» ռատարներ։ Ֆրանսան նաեւ «Պասթիոն» զրահամեքենաներ փոխանցած է Երեւանին, անոնցմէ հինգը, ի դէպ, վերջերս ցուցադրուած էին զօրավարժութիւններու ընթացքին։

«Քաղաքացիական Պայմանագրի» պատգամաւոր Արմէն Խաչատրեանի խօսքով՝ Հայաստանը տարբեր ուղիներով, դիւանագիտական գործիքակազմի օգտագործմամբ այսօր հասած է վիճակի մը, երբ յառաջադէմ երկիրները՝ Արեւմուտքը «պատրաստ է մեզի մատակարարելու գրեթէ որեւէ զէնք»։

«Մենք 1-2 տարի առաջ չէինք կարող անգամ երազել, որ արեւմտեան որեւէ պետութիւն մեզ անգամ զինուորական կօշիկներ կը վաճառէր։ Եւ ամէն ինչ պատրաստ են տալ Հայաստանին, որպէսզի մեր պաշտպանունակութիւնը բարձրանայ»,- ըսաւ Արմէն Խաչատրեանը։

Ինչ կը վերաբերի հայ-ռուսական ռազմատեխնիկական համագործակցութեան, իշխանական պատգամաւորը շեշտեց՝ այն աւարտած չէ։

«Այդ համագործակցութիւնը կայ, ՀՀ զինուած ուժերում առկայ զինտեխնիկայի մեծ մասը ռուսական արտադրութեան զինտեխնիկա է, եւ դեռեւս շարունակուելու է։ Խնդիրն այն է, թէ այդ պայմանագրային պարտաւորութիւններն ինչպէս են կատարում մեր ռուս գործընկերները, բայց ինչ կ’անեն, չեն անի, մենք այսօր կաշկանդուած չենք մի երկրից զէնք կամ համագործակցութիւն ակնկալել։ Մենք այսօր հնարաւորութիւն ունենք աշխարհի շատ երկրներից լաւագոյն զէնքերը ձեռք բերել»,- նշեց ան։

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment