Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

Միրզոյեան Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Հայաստանի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորումը

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեան հեռախօսազրոյց ունեցած է իր թուրք պաշտօնակից Հաքան Ֆիտանի հետ։

Անոնք քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ շարունակական երկխօսութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային զարգացումներուն առնչուող հարցեր, անդրադարձած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ պայմանաւորուածութիւններու իրականացման:

Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յատուկ բանագնացները 2022-ի ամռան պայմանաւորուած են բանալ ցամաքային սահմանը երրորդ երկիրներու քաղաքացիներու, ինչպէս նաեւ դիւանագիտական անցագիր ունեցողներու համար: Եւ չնայած հետագային տարբեր առիթներով վերահաստատած են այս յանձնառութիւնը, միեւնոյնն է այդ ուղղութեամբ յառաջընթաց չկայ:

Երկու նախարարները հանդիպում ունեցած էին Մարտին, ներկայ գտնուած էին նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչները։

Իսկ մօտ մէկ շաբաթ առաջ հեռախօսազրույց ունեցած էին երկու երկիրներուն ղեկավարները։ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ռեճեպ Էրտողանը վերահաստատած էին իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։ Կարեւորած էին երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն շարունակականութիւնը եւ վերահաստատած էին մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Շուրջ երեք տասնամեակ դիւանագիտական յարաբերութիւններ չունեցող Երեւանն ու Անքարան առանց նախապայմաններու յարաբերութիւնները կարգաւորելու յայտարարութիւններ կատարեցին 44-օրեայ պատերազմէն յետոյ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment