Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հայաստանը Կ’առաջարկէ Ստեղծել Զինադադարի Խախտման Դէպքերու Հետաքննութեան Երկկողմ Մեխանիզմ

Հայաստանը Կ’առաջարկէ Ստեղծել Զինադադարի Խախտման Դէպքերու Հետաքննութեան Երկկողմ Մեխանիզմ

by MassisPost

Վերջին շրջանին Ատրպէյճանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը պարբերաբար տեղեկատուութիւն կը տարածէ, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան ստորաբաժանումներու կողմէ տեղի կ’ունենան զինադադարի խախտումներ:

Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ կառավարութիւնը:

«Չնայած այն հանգամանքին, որ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքել է բոլոր այդ մեղադրանքները, Ատրպէյճանը շարունակում է այդօրինակ տեղեկատուութեան տարածումը:

«Ի շարունակութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի՝ սոյն թուականի Յունիսի 15-ին արուած յայտարարութեան եւ ելնելով նրանից, որ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կամքն է թոյլ չտալ լարուածութեան առաջացում՝ Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմն Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմին դիւանագիտական խողովակներով առաջարկել է ստեղծել զինադադարի խախտման դէպքերի հետաքննութեան երկկողմ մեխանիզմ:

«Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկում է մեկնարկել նշուած մեխանիզմի գործնականացման աշխատանքները»,- ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment