Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ ԼՂ նախկին ղեկավարութեան քրէական գործերով քննչական գործողութիւնները աւարտած են, եւ անոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի ուղարկուին դատարան։ Խօսքը 15 գործի մասին է։
«Ներկայիս մեղադրեալները, փաստաբանները եւ տուժածները կը ծանօթանան քրէական գործի նիւթերուն։ Ծանօթացման փուլի աւարտէն յետոյ մեղադրական արձանագրութիւնը պիտի յանձնուի դատարան»,- ըսած է Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազ Քամրան Ալիեւը:
Յիշեցնենք՝ նախորդ տարուայ Սեպտեմբերին՝ Լեռնային Ղարաբաղի բռնի հայաթափման ժամանակ, ապօրինաբար ձերբակալուած եւ Պաքու տեղափոխուած են, ապա կալանաւորուած են ԼՂ նախկին ղեկավարութեան ներկայացուցիչները՝ նախկին նախագահներ Արկադի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեանը, Արայիկ Յարութիւնեանը, արտաքին գործերու նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեանը, Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեանը, նախկին պետական նախարար Ռուբեն Վարդանեանը, Պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանը, զօրավար Դաւիթ Մանուկեանը: