Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ԵՄ Անդամակցութեան Հանրաքուէ Կայացնել. «Ժողովրդավարական Ուժերու Հարթակ»ի Առաջարկը Իշխանութեան

ԵՄ Անդամակցութեան Հանրաքուէ Կայացնել. «Ժողովրդավարական Ուժերու Հարթակ»ի Առաջարկը Իշխանութեան

by MassisPost

Հայաստանի Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցով հանրաքուէ կայացնելու խորհրդարանական լսումներու ժամանակ չորս քաղաքական ուժերու եւ անոնց աջակցող կազմակերպութիւններու անունով՝ «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Արամ Սարգսեան յորդորեց Հայաստանի իշխանութիւններուն եռամսեայ ժամկէտի մէջ հանրաքուէ կազմակերպել։

Սարգսեանը, որ արտախորհրդարանական շարք մը ուժերու ղեկավարներու հետ պարբերաբար կը հանդիպի վարչապետին, պնդեց՝ պահը հիմա է՝ հաշուի առնելով, որ Ատրպէյճանը յայտարարած է արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին։

«Արտախորհրդարանական ընտրութիւնների ժամանակ հռետորաբանութիւնը կտրուկ չորանալու է։ Սկսելու են յարձակողական կոչեր, Ատրպէյճանին արտաքին թշնամի է պէտք քուէ հաւաքելու համար, ո՞վ է այդ արտաքին թշնամին՝ մենք, Ալիեւը այդ հռետորաբանութիւնն օգտագործելու է ինչքան քէֆը տայ, իսկ Ռուսաստանի կողմից դա խրախուսուելու է»,- նշեց «Հանրապետութիւն» կուսակցութեան ղեկավարը:

Շեշտելով, որ Հայաստանի իշխանութիւնն ալ չի բացառեր, որ Ատրպէյճանը COP 29-էն յետոյ պիտի դիմէ ռազմական յարձակման Հայաստանի դէմ, Արամ Սարգսեան հարցուց, թէ ի՞նչ կը կատարուի ատիկա թոյլ չտալու համար։ Ապա որպէս լուծում առաջարկեց ԵՄ անդամակցութեան հարցով հանրաքուէն։ Ըստ Սարգսեանի՝ ԵՄ անդամակցութեան յայտ ներկայացուցած Հայաստանը միանշանակ աւելի անվտանգ ու ապահով պիտի ըլլայ արտաքին քաղաքական ճնշումներէն, քան այսօր է։

«Կասկած չունեմ, որ դա շատ առատաձեռն կը փոխհատուցուի մեզ՝ ինչպէս սպառազինութեան, անվտանգութեան, այնպէս էլ տնտեսութեան զարգացման եւ ներդրումների առումով։ Իշխանութիւնը մի քիչ ինձ յարգի ու ականջալուր լինի, մի քիչ էլ գնահատի իմ փորձը, այդ ընտրութիւնները կ’անի Սեպտեմբերի 21-ին, ինչպէս 1991-ի Սեպտեմբերի 21-ին արեցինք անկախութեան հանրաքուէ»,- յայտնեց ան։

«Յանուն Հանրապետութեան» կուսակցութեան նախագահ Արման Բաբաջանեանն ալ շեշտելով, թէ Հայաստանը կեանքի ու մահուան հատման կէտին է եւ իրենք կ’ընտրեն կեանքի ճանապարհը, խօսքը ուղղեց վարչապետ Փաշինեանին՝ յորդորելով, որ կայացուելիք հանրաքուէին արդիւնքը պէտք է տեղ գտնէ նախատեսուող նոր Սահմանադրութեան մէջ։

«2026 թուականին, ըստ ամենայնի, մենք ունենալու ենք նաեւ սահմանադրական հանրաքուէ, եւ շատ կարեւոր է, որպէսզի հանրաքուէի արդիւնքով այդ կէտը կարողանանք այնտեղ ներառել»,- ըսաւ Բաբաջանեան:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment