Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պլինքընը Ալիեւին Կոչ Ըրած Է Արագացնելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Կնքման Գործընթացը. Պետական Քարտուղարութիւն

Պլինքընը Ալիեւին Կոչ Ըրած Է Արագացնելու Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Պայմանագրի Կնքման Գործընթացը. Պետական Քարտուղարութիւն

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, որուն ընթացքին ընդգծած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուտափոյթ կնքման կարեւորութիւնը։

Պլինքըն կրկին յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է աջակցելու հետագայ  փոխգործակցութեան «կողմերուն համար օգտակար որեւէ ձեւով»:

«Պետական քարտուղարը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային պարտաւորութիւններու կատարման վրայ՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտին մէջ, եւ կոչ ըրած է շատ կարճ ժամկէտերու մէջ ազատ արձակելու բոլոր անօրինական կալանաւորուածները»,- կ’ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Ընդգծելով երկկողմ յարաբերութիւններու կարեւորութիւնը՝ պետական քարտուղարը նշած է Ատրպէյճանի հետ կառուցողական համագործակցութիւնը կլիմայական եւ ուժանիւթային ընդհանուր խնդիրներու իրագործման հարցում։ Ան նաեւ նշած է, որ ԱՄՆ պատրաստ է կազմակերպչական աջակցութիւն ցուցաբերելու COP29 համաժողովի բարեյաջող կայացման համար։

Պլինքըն նաեւ կոչ ըրած է «թարմացնելու եւ ամրապնդելու» երկկողմ յարաբերութիւնները Միացեալ Նահանգներու եւ Ատրպէյճանի միջեւ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment