Պելառուսիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ Սվեթլանա Թիխոնովսքայան X-ի էջով գրառում կատարած է ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպման վերաբերեալ։
«Ինծի համար մեծ պատիւ էր Վիլնիւսի մէջ հանդիպիլ ՀՀ արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանի հետ։ Շնորհակալութիւն յայտնած եմ Հայաստանին՝ Լուքաշենքոյի վարչակազմին նկատմամբ հաստատուն դիրքորոշման համար եւ յոյս յայտնած եմ, որ Հայաստանի եւ մեր ժողովրդավարական ուժերուն միջեւ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի: Հայաստանի եւ Պելառուսիոյ ժողովուրդները արժանի են ազատ, ժողովրդավարական եւ եւրոպական ապագայի»,- գրած է Թիխանովսքայան: