Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պուլկարիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուած Է Հայազգի Ռայա Նազարեանը

Պուլկարիոյ Խորհրդարանի Նախագահ Ընտրուած Է Հայազգի Ռայա Նազարեանը

by MassisPost

Հայազգի Ռայա Նազարեանը ընտրուած է Պուլկարիոյ խորհրդարանի նախագահ՝ ստանալով 131՝ կողմ, 66՝ դէմ եւ 39 ձեռնպահ ձայներ։ Այս մասին յայտնած է պուլկարական «BTA»-ն։

Ընտրուելէ յետոյ Ռայա Նազարեանը իր ելոյթին մէջ նշած է, որ խորհրդարանը՝ անկախ հասարակութեան վստահութեան աստիճանէն, գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններու օրինականացման միակ հարթակն է։

«Այդ իսկ պատճառով մեր իւրաքանչիւր ներկայացուցիչի ընդհանուր պարտականութիւնն է ապահովել քաղաքական գործընթացներու կարգաւորումը եւ արդարացնել հասարակութեան ակնկալիքները՝ կապուած կայունութեան, անվտանգութեան եւ արդարութեան հետ»,- ըսած է ան։

Ան նշած է, որ պատգամաւորները կրնան իր վրայ յոյս դնել երկխօսութեան, արդարութեան, իրաւահաւասարութեան եւ Ազգային Ժողովի կանոնադրութեան, օրէնքներուն ու կանոնակարգերուն անվերապահօրէն հետեւելու առումով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment