Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Եւրոյանձնաժողովը Հայաստանին 15 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

Եւրոյանձնաժողովը Հայաստանին 15 Միլիոն Եւրօ Պիտի Տրամադրէ

by MassisPost

Եւրոպական Յանձնաժողովը 15 միլիոն եւրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանի ընկերա-տնտեսական դիմակայութեան. համաձայնագիրը այսօր հաստատուեցաւ ՀՀ կառավարութեան նիստին։

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը յայտնեց, որ 15 միլիոն եւրօ ընդհանուր արժողութեամբ ծրագրին նպատակն է նպաստել Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու միջնաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ խնդիրներու հասցէագրման, մասնաւորապէս, կը նախատեսուի միանուագ դրամական օգնութեան աջակցութիւն ժամանակաւոր կացարաններու, ընդհանուր ծախսերուն համար։

Գրիգորեան նաեւ տեղեկացուց, որ կառավարութեան չզեկուցուող հարցերու շարքին ընդունած է ԵՄ-ին վերաբերող մէկ այլ նախագիծ, որուն միջոցով պիտի յատկացուի 3 միլիոն եւրօ՝ Հայաստանի կառավարութեան աւելի լայն բարեփոխումներու գործընթացին աջակցելու համար, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու ընկերա-տնտեսական ներառման, մասնաւորապէս, առողջապահութեան, ընկերային պաշտպանութեան եւ զբաղուածութեան ռազմավարութիւններու կիրարկման հարցով։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment