Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Թուրքիոյ Նախագահին Հետ

Վարչապետ Փաշինեան Հեռախօսազրոյց Ունեցած Է Թուրքիոյ Նախագահին Հետ

by MassisPost

Յունիս 18-ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի հետ։

Վարչապետը շնորհաւորած է Թուրքիոյ նախագահը Ղուրպան Պայրամի առթիւ, իսկ Թուրքիոյ նախագահը շնորհաւորած է Հայաստանի վարչապետը գալիք Վարդավառի՝ Յիսուս Քրիստոսի Պայծառակերպութեան տօնին առթիւ։

Նախագահ Էրտողան ցաւակցած է վարչապետ Փաշինեանին Հայաստանի հիւսիսային շրջաններուն մէջ վերջերս տեղի ունեցած ջրհեղեղին առնչութեամբ։

Առաջնորդները ընդգծած են իրենց քաղաքական կամքը առանց որեւէ նախապայմանի Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորման վերաբերեալ։

Այդ ծիրին մէջ առաջնորդները ընդգծած են երկու երկիրներու յատուկ ներկայացուցիչներու հանդիպումներու շարունակականութեան կարեւորութիւնը եւ վերահաստատած են մինչ այժմ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները։

Առաջնորդները գոհունակութեամբ արձանագրած են Հայաստանի եւ Թուրքիոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու շարունակական երկխօսութիւնը։ Անոնք քննարկած են նաեւ տարածաշրջանի եւ միջազգային օրակարգի վերջին զարգացումները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment