Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Սեպասթիան Լըքորնիուն նշած է, որ ջերմ եւ արդիւնաւէտ յարաբերութիւններ ունի Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանի հետ։
«Մենք կը շարունակենք ամրապնդել մեր պաշտպանական յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Նոր կարեւոր իրադարձութիւն է CAESAR թնդանօթներու ձեռքբերման պայմանագրի ստորագրումը»,- X-ի իր էջով գրած է Լըքորնիուն:
«Սեզար»-ը 155 մմ տրամաչափի ինքնագնաց հաուպից է, որուն հեռահարութիւնը աւելի արդիական արկերու կիրառման պարագային կրնայ գերազանցել 55 քիլոմեթրը: Այն աշխուժօրէն կը կիրառուի Ուքրանիոյ մէջ ընթացող պատերազմին: Անցեալ Դեկտեմբերին Ֆրանսայի Ծերակոյտը կառավարութեան յորդորած էր հնարաւորինս արագացնել Հայաստանին «Սեզար»-ներու տրամադրման հարցը:
Ֆրանսայ կատարած աշխատանքային այցի շրջանակին մէջ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը Յունիս 18-ին շարունակած է շրջայցը EUROSATORY միջազգային ցուցահանդէսի տաղաւարներուն մէջ:
Նախարարը հանդիպումներ ունեցած է ռազմարդիւնաբերական շարք մը ընկերութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ։
Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան եւ KNDS ֆրանսական ռազմարդիւնաբերական ընկերութեան միջեւ կնքուած է ռազմատեխնիկական համագործակցութեան պայմանագիր։