Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի Անդամները Առաջարկած Են 100 Միլիոն Տոլարով Աւելցնել Հայաստանին Օգնութիւնը

ԱՄՆ Գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու Պալատի Անդամները Առաջարկած Են 100 Միլիոն Տոլարով Աւելցնել Հայաստանին Օգնութիւնը

by MassisPost

Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ, ԱՄՆ գոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Ֆրենք Փալոնը (դեմոկրատ Նիւ Ճըրզի նահանգէն) եւ Ներկայացուցիչներու պալատի անդամ Նիքոլ Մալիոթաքիսը (հանրապետական Նիւ Ճըրզիէն) առաջարկած են երկկուսակցական փոփոխութիւն կատարել 2025 ֆինանսական տարուայ SFOPS օրինագիծին մէջ:

Ըստ այդմ՝ անոնք առաջարկած են աւելցնել Հայաստանի Հանրապետութեան ֆինանսաւորումը 100.000.000 տոլարով Եւրոպայի, Եւրասիոյ եւ Կեդրոնական Ասիոյ օգնութեան դաշնային հաշուի շրջանակներուն մէջ (AEECA): Այս մասին յայտնած է Ամերիկայի Հայկական Համագումարը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment