Home Uncategorized Նոր Թափ Հաղորդել ՀՀ Մարզերուն Եւ ԱՄՆ Նահանգներու Փոխգործակցութեան․ Նախագահը Ելոյթ Ունեցած Է Հայ-Ամերիկեան Համաժողին

Նոր Թափ Հաղորդել ՀՀ Մարզերուն Եւ ԱՄՆ Նահանգներու Փոխգործակցութեան․ Նախագահը Ելոյթ Ունեցած Է Հայ-Ամերիկեան Համաժողին

by MassisPost

ԱՄՆ պետական քարտուղարի՝ կառավարման եւ միջոցներու հարցերով առաջին տեղակալ Ռիչըրտ Վերման եւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեան ելոյթով հանդէս եկած են Տեղական ինքնակառավարման օղակին մէջ ժողովրդավարութեան հարցերուն նուիրուած հայ-ամերիկեան համաժողովին։ Այս մասին յայտնած են Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպանութենէն։

Միջոցառումը նպատակ ունի խթանել ու նոր թափ հաղորդել ՀՀ մարզերուն ու համայնքներուն եւ ԱՄՆ նահանգներուն եւ քաղաքներուն միջեւ ապակեդրոնացուած փոխգործակցութեան։

Միջոցառման մասնակցած են քաղաքային եւ նահանգային պաշտօնեաներ Միացեալ Նահանգներէն եւ համայնքային ու մարզային պաշտօնեաներ Հայաստանէն, որոնք քննարկած են համայնքներու, նահանգներու եւ մարզերու փոխգործակցութեան ամրապնդման լաւագոյն փորձն ու ընդհանուր նպատակները։

Միջոցառման մասնակցած են նաեւ Հայաստանի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քվինը, Առեւտրային հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Սառա Մորկընթաուը եւ Նահանգային եւ քաղաքային դիւանագիտութեան հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ դեսպան Նինա Հաչիկեանը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment