Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դեռ Վաղ Է Քննարկել Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայան Յայտնուելու Հնարաւորութիւնը. Նարիշքին

Դեռ Վաղ Է Քննարկել Հայաստանի Մէջ Ամերիկեան Ռազմակայան Յայտնուելու Հնարաւորութիւնը. Նարիշքին

by MassisPost

Դեռ վաղ է քննարկել Հայաստանի տարածքին ամերիկեան ռազմական յենակէտի յայտնուելու հնարաւորութիւնը։ Այդ մասին ԹԱՍՍ ռուսաստանեան լրատուական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին ըսած է Ռուսաստանի Դաշնութեան արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան տնօրէն Սերկէյ Նարիշքինը։

«Դեռ վաղ է խօսիլ այս մասին»,- ըսած է ան, պատասխանելով թղթակիցի այն հարցումին, թէ արդեօք պէտք է սպասել հարաւկովկասեան հանրապետութեան մէջ ամերիկեան ռազմախարիսխներու յայտնուելուն՝ կապուած Երեւանի քաղաքականութեան փոփոխութեան հետ։

Յունիս 11-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած է Հայաստան-ԱՄՆ ռազմավարական երկխօսութեան ամփոփիչ երկրորդ համաժողովը, որու աւարտին ընդունուած համատեղ յայտարարութեան մէջ կ’ըսուի, թէ կողմերը մտադիր են ամրապնդել համագործակցութիւնը անվտանգութեան ոլորտին մէջ եւ նպատակ ունին համագործակցութեան կարգավիճակը բարձրացնել ընդհուպ ռազմավարական գործընկերութեան մակարդակի։

Ուաշինթըն կը քննարկէ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած շարք մը խնդրանքներ եւ պիտի որոշէ, թէ ինչ քայլեր կրնայ ձեռնարկել՝ սատարելու Երեւանին: Այդ մասին Մայիս 22-ին յայտնած է ԱՄՆ պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment