ՀՀ Քննչական Կոմիտէն արդէն տեղեկացուցած է, որ 2024թ. Յունիս 12-ին Երեւան քաղաքի Բաղրամեան եւ Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին վրայ կայացուած բողոքի հաւաքի ընթացքին կատարուած առերեւոյթ զանգուածային անկարգութիւններու դէպքին առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ եւ կ’իրականացուին մեծածաւալ քննչական եւ վարութային գործողութիւններ` դէպքին հանգամանքները պարզելու նպատակով։
ՀՀ Քննչական Կոմիտէի յատկապէս կարեւոր գործերու քննութեան գլխաւոր վարչութեան մէջ իրականացուող նախաքննութեամբ փաստական տուեալներ ստացուած են այն մասին, որ 2024թ. Յունիս 12-ին՝ ժամը 19:30-ի սահմաններուն, հաւաքի խումբ մը մասնակիցներ, չենթարկուելով այդտեղ հասարակական կարգի պահպանութիւնն ու շրջակայ յատուկ պահպանութեան ենթակայ կառոյցներուն անվտանգութիւնը ապահովող ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական կարգադրութիւններուն, խումբով ճնշում գործադրելով ոստիկաններուն նկատմամբ, փորձած էին ճեղքել վերջիններուս կողմէ կազմուած պատնէշը՝ այդ ընթացքին շիշեր, տարբեր առարկաներ նետելով ոստիկանական շարքերու ուղղութեամբ:
Հետագայ նման գործողութիւնները կանխելու նպատակով ՀՀ ոստիկանութեան կողմէ, նախապէս զգուշացուելէ յետոյ, կիրառուած էին յատուկ միջոցներ։ Սակայն հաւաքի խումբ մը մասնակիցներ, կրկին չենթարկուելով ոստիկանութեան օրինական պահանջներուն, իրար գործողութիւնները փոխլրացնելով, հասարակութեան նկատմամբ անյարգալից եւ իրաւական ու բարոյական կանոններու նկատմամբ բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերելով, համակեցութեան կանոններու ցուցադրաբար անտեսմամբ, կատարած էին խուլիկանութիւն:
Մասնաւորապէս, մարդոց անդորրը խախտելով, ոստիկանութեան ծառայողներու հասցէին հայհոյանքներ ու անպարկեշտ արտայայտութիւններ հնչեցնելով՝ անոնց ուղղութեամբ քարեր, փայտեր, շիշեր ու ծխագլանակներ նետած էին, կոտրած էին կից գտնուող այգիի մետաղական ճաղավանդակները:
Նախաքննութեան ընթացքին կատարուած էին դէպքի վայրի զննութիւններ, որուն բերումով Բաղրամեան եւ Դեմիրճեան փողոցներուն խաչմերուկէն դէպի Դեմիրճեան փողոցի սկզբնամասը՝ հասարակական կարգի պահպանութիւն իրականացնող ոստիկանական շարքերու հատուածէն, յայտնաբերուած եւ վերցուած էին բազմաթիւ տարբեր չափերու քարի կտորներ, կոտրուած ապակեայ արկղներ, սուր ծայրով փայտէ ձող, քննութեան համար նշանակութիւն ունեցող այլ իրեր ու առարկաներ։ Յայտնաբերուած էին նաեւ «Սիրահարներու այգի»ի տարածքը Բաղրամեան փողոցի մայթէն տարանջատող տեղահանուած բազրիքը, անոր կոտրուած ու վնասուած հատուածներ, պարուրաձեւ մետաղական առարկաներու մասեր, կոտրուած լուսամփոփի հատուածներ, արնանման հետքեր: Համացանցէն ստացուած եւ զննուած են շարք մը տեսաձայնագրութիւններ։
Նշուած գործողութիւններու բերումով անհատականացուած են վերոնշեալ յանցաւոր արարքներ կատարող 12 նոյնականացուած մասնակիցներու գործողութիւնները:
Ձեռք բերուած փաստերու հիման վրայ վարոյթը իրականացնող մարմինի կողմէ միջնորդութիւններ ներկայացուած են հսկող դատախազին՝ նշուած մասնակիցներէն մէկուն նկատմամբ զանգուածային անկարգութիւն կատարելու, իսկ 11-ի նկատմամբ՝ խումբի կազմին մէջ խուլիկանութիւն կատարելու համար հանրային քրէական հետապնդում յարուցելու վերաբերեալ, որոնք բաւարարուած են։ Ազատութեան մէջ գտնուող մեղադրեալները դատարան ներկայացնելու հիմքով անոնցմէ 11-ը ձերբակալուած է, որոնց ներկայացուած են համապատասխան մեղադրանքներ։
Դատարան ներկայացուած միջնորդություններու քննութեան պատճառով 8 անձի նկատմամբ որպէս խափանման միջոց ընտրուած է կալանքը, երկուքին նկատմամբ՝ տնային կալանքը։ Մէկ անձի նկատմամբ կիրառուած է բացակայելու արգելք։