2018-2022 թուականներուն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ հակամարտութեան սրման ժամանակահատուածին Պելառուսիան Ատրպէյճանին զէնք եւ ռազմական օգնութիւն տրամադրած է, կը գրէ Politico-ն՝ յղում ընելով պելառուսական կողմի դիւանագիտական եւ ռազմական փաստաթուղթերու արտահոսքին։
Պարբերականը ուսումնասիրած է պելառուսական պետական գործակալութեան՝ ռազմաարդիւնաբերական ձեռնարկութիւններէն զէնքի արտահանման նամակները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն նամակագրութիւնը՝ Ատրպէյճանի համար «Կրոզա-С» հակահրթիռային համալիրներու գնման համաձայնեցման վերաբերեալ։ Politico-ի տուեալներով՝ Պելառուսիոյ կողմէ Ատրպէյճանին օգնութիւնը կը ներառէր հին հրետանային զէնքի արդիականացում, ինչպէս նաեւ նոր սարքաւորումներու մատակարարում, որ կ’օգտագործուի ռատիօ-ելեկտրոնային պայքարի եւ անօդաչուներու համար։
Դիւանագիտական հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ, որուն ծանօթացած է Politico-ն, ըսուած է, որ պելառուսական ձեռնարկութիւնները գործուն դեր կը խաղան «Ատրպէյճանի ապագրաւուած տարածքներու վերականգնման, ինչպէս նաեւ պելառուսական ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման գործին մէջ» երկիր։
Ինչպէս կը գրէ Politico-ն, մատակարարումներու վերաբերեալ ՀԱՊԿ դաշնակիցին որոշումը, որ Ատրպէյճանին զգալի առաւելութիւն տուած է ռազմական հակամարտութիւններու շարքին, Երեւանի կողմէ պիտի գնահատուի որպէս «դառն դաւաճանութիւն»։
Պարբերականին կողմէ հարցուած փորձագէտները կ’ենթադրեն, որ միաժամանակ Պելառուսիան դժուար թէ կարենար գործել «առանց Քրեմլինի լուռ աջակցութեան»։ «Ծիծաղելի է կարծել, որ այդ մատակարարումները կրնային տեղի ունենալ առանց Մոսկուայի իմացութեան, եւ որ Ռուսաստանը չէր կրնար կանգնեցնել զանոնք, եթէ ուզէր։ Երբ խօսքը կը վերաբերի Մոսկուային, գոյութիւն չունի այնպիսի հասկացութիւն, ինչպիսին է հաւատարմութիւնը. ամբողջ հարցը սեփական անվտանգութեան պահպանումն է, նոյնիսկ եթէ ատիկա տեղի կ’ունենայ սեփական դաշնակիցներու հաշուոյն»,- ըսած է Ժողովրդավարութեան Պաշտպանութեան հիմնադրամի գիտաշխատող Իվանա Սթրատնըրը:
Ատրպէյճանի եւ Պելառուսիոյ կառավարութիւնները չեն պատասխանած մեկնաբանութիւններու դիմումներուն։