Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Քսան Կախաղաններուն Ուղիով

Քսան Կախաղաններուն Ուղիով

by MassisPost

Հնչակեան Կուսակցութիւնը այս օրերուն կը նշէ 1915-ի Յունիս 15-ին, Պոլսոյ մէջ կախաղան բարձրացած քսան տիտաններուն նահատակութեան 109-րդ տարելիցը: Քսանները եղան առաջինը, որոնք ահազանգեցին հայութեան սպառնացող արհաւիրքը ու փորձեցին կանխել զայն` ահաբեկելով Թուրքիոյ իշխող կուսակցութեան ղեկավարութիւնը: Դժբախտաբար անոնք չյաջողեցան լրումին հասցնել իրենց ծրագիրը ու յայտնուեցան բանտերու մէջ եւ ապա կախաղաններու վրայ:

Այդ օրերուն նահատակուեցան ոչ միայն Հնչակեան կարկառուն գործիչները, այլ եւ` ամբողջ ազգը Հայոց: Թրքական ազգայնամոլ իշխանութիւնները գործադրութեան դրին իրենց հայաջինջ ծրագիրները` տեղահան ընելով ու անապատներու կիզիչ արեւին տակ մահուն առաջնորդելով միլիոնաւոր Հայեր:

Քսանները իրենց ետին ձգեցին հարուտ կտակ մը, որուն հաւատարիմ մնաց Կուսակցութիւնը անցնող տասնամեակներուն ու կը շարունակէ մինչեւ օրս: Այսօրուայ Հայաստանի Հանրապետութիւնը մասնակի իրականացում է Քսաններու երազած հայրենիքին ու ՍԴՀԿ զօրաւիգ կը կանգնի հայոց պետականութեան ու իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը սատարէ անոր անկախութեան ու ինքնիշխանութեան:

Անոնք, որոնք կը քննադատեն Հնչակեան Կուսակցութեան ներկայ վարած քաղաքականութիւնը ծանօթ չեն մեր պատմութեան: ՍԴՀԿ իր ամբողջ գոյութեան ընթացքին չէ ծառայած այլ պետութիւններու շահերուն եւ նպատակ չունի հրաժարելու այդ ուղեգիծէն: Երեւանի փողոցներուն վրայ ընթացող արկածախնդրական շարժումներուն հետ չենք կրնար ըլլալ« քանի որ անոնք ուղղուած են Հայ ժողովուրդի ու անոր պետականութեան դէմ:

Ժողովրդավարութիւնը եղած է Քսաններու դաւանած սկզբունքներուն հիմնաքարը: Շնորհիւ ժողովրդավարութեան Հայաստանի քաղաքացիները ընտրած են իրենց իշխանութիւնը: Այդ իշխանութիւնը վաղը կրնայ հեռացուիլ նոյն այդ քաղաքացիներու ազատ կամքի արտայայտութեամբ: Մենք կը զարմանանք անոնց վրայ, որոնք կը զարմանան թէ ի՞նչու ժողովուրդը չի միանար իրենց շարժումին: Պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է: Նման ինքնանպատակ շարժումները չեն նպաստեր Հայաստանի գերագոյն շահերուն: Այն պահուն երբ արտաքին վտանգները կը սպառնան Հայրենիքի գոյութեան մեր բոլորի ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնանայ ներքին անդորրի պահպանութեան, տնտեսութեան բարելաւման, բանակի հզօրացման ու մեզի դաշնակից ու բարեկամ երկիրներու թիւի աւելացման: Աշխարհաքաղաքական նոր իրողութիւններուն առջեւ Հայաստան պէտք է ունենայ ազատութիւնը` իր արտաքին քաղաքականութիւնը վարելու բացառապէս իր երկրի ու ժողովուրդի ազգային շահերէն մղուած:

Անգամ մը եւս կը խոնարհինք Քսաններու եւ մեր բոլոր նահատակներու յիշատակին առջեւ ու լաւատեսութեամբ կը նայինք մեր Հայրենիքի ու ժողովուրդի ապագային: Այն ինչ որ չկարողացան իրագործել մեր թշնամիները` անցեալ դարու սկզբնաւորութեան« պիտի չկարողանան իրականացնել նաեւ այսօր:

Քսաններու նահատակութեամբ Հնչակեան Կուսակցութիւնը կորսնցուց իր գրչի, միտքի ու բազուկի ընտրանին ու զրկուեցաւ անոնց կազմակերպչական կարողութիւններէն, սակայն մնաց հաւատարիմ անոնց ընտրած ուղիին ու գաղափարախօսութեան:

Քսանները կախաղանի վրայ իրենց վերջին խօսքը արտասանելով ըսին, թէ քսան հազարներ պիտի գան իրենց գործը շարունակելու: Այդ մարգարէական խօսքերէն տասնամեակներ ետք ՍԴՀԿ կը շարունակէ իր յաղթական երթը միշտ հաւատարիմ` անոնց պատգամներուն:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment