Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ «Ոչ Ոք Մտադիր Է ԵՄ Դռները Բանալ Հայ Ժողովուրդին Առջեւ». Մետվետեւ

«Ոչ Ոք Մտադիր Է ԵՄ Դռները Բանալ Հայ Ժողովուրդին Առջեւ». Մետվետեւ

by MassisPost

Արեւմուտքը չի պատրաստուիր Հայաստանը հրաւիրելու Եւրոմիութիւն, Ուքրանիան նոյնպէս մօտ ապագային անոր չի հասնիր, վստահ է Ռուսաստանի Անվտանգութեան Խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը։

«Ռուս եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութիւնը, որ ամրացուած է ՀԱՊԿ-ի եւ ԵԱՏՄ-ի շրջանակներուն մէջ դաշնակցային յարաբերութիւններով, վաղուց դարձած է Ուաշինկթընի եւ անոր դաշնակիցներուն «աչքի փուշը»: Անդրկովկասեան հանրապետութիւնը եւրաատլանտեան ճամբար ներքաշելու համար նետուած են զգալի ուժեր: Ի զուր չէ, որ անոր մայրաքաղաքին մէջ է տեղակայուած աշխարհի ամենամեծ ամերիկեան դեսպանատուներէն մէկը»,-  ընդգծած է Մետվետեւը։

Ան նշած է, որ ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի եւ ՆԱԹՕ-ի էմիսարները աւելի յաճախակի կը դառնան Հայաստանի հիւրերը, «աջ ու ձախ շռայլ խոստումներ կու տան», Երեւանին կ’առաջարկեն «ոսկէ սարեր»՝ ներառեալ անդամակցութիւն Եւրոմիութեան՝ լիակատար հաւատարմութեան դիմաց։

«Սակայն չ’արժեր գայթակղիլ. նման խոստումները պարզապէս խայծ են նէօգաղութային մուկի թակարդին մէջ: Ոչ ոք մտադիր է բանալ «ընտրեալներու ակումբի» դռները հայ ժողովուրդին առջեւ: Հարցուցէք նէօպանտերականներուն՝ արդեօք անոնք յաջողա՞ծ են ստանալ ԵՄ անդամակցութիւն: Ո՛չ, եւ մօտ ապագային անոնք չեն հասնիր անոր: Իսկ կը հասնի՞ն ընդհանրապէս: Թող նային Վրաստանին, ուր վերջերս ընդունուեցաւ օրէնք մը, որ հաճելի չէր ԱՄՆ-ին եւ ԵՄ-ին։ Եւ ին՞չ: Իսկ ահա թէ ինչ. պատժամիջոցներ: 2024 թուականի Մարտին ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման մասին բանաձեւը, ըստ էութեան, կը ներկայացնէ սովորական թուղթի կտոր՝ առանց պարտաւորութիւններու»,- նշած է Մետվետեւը։

Անոր խօսքով՝ համանման իրավիճակ կը զարգանայ նաեւ Մոլտովայի մէջ, որ Մայա Սանտուն կը տանի ուղիղ դէպի նէօգաղութային ստրկութիւն՝ օգտագործելով «պայծառ ապագայի» մասին նոյն հեքիաթները. «սակայն «եւրոհամարկման» ամենահաւանական բեմագիրը Քիշնեւի համար կրնայ ըլլալ Ռումանիոյ՝ Եւրոպայի ամենաքիչ զարգացած երկիրներէն մէկուն հիւսիսարեւելեան ծայրամասի վերածուիլը»:

 

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment