Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Հնչակեան Քսաններով Դաստիարակուած

Հնչակեան Քսաններով Դաստիարակուած

by MassisPost

ՄԵԹՐ ՊԱՐԳԵՒ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

15 յունիս 1915:

Թուականը քսան կախաղաններու վրայ նահատակուած հնչակեաններուն:

Անոնք՝ որոնք կը հաւատային, թէ թուրք ազգայնականներու վոհմակին հետ կարելի չէր գործակցիլ եւ իրենց գրիչով ու գործով կը փորձէին խրատել μոլոր հայկական կողմերը, քաղաքական թէ եկեղեցական, որ այդ ազգայնականներուն հետ չգործակցին ու անոնց կեղծ խօսքերէն չխաμուին:

Անոնք՝ որոնք այդ թուրք ազգայնականներուն կողմէ նկատուեցան ամէնէն ատելի ու վտանգաւոր թշնամին եւ ձերμակալուեցան 1914-ին, տարի մը առաջ 1915-ի Ապրիլեան եղեռնին զոհ գացած մեր միւս երեւելի նահատակներէն:

Վտանգաւոր էին եւ պէտք էր հրապարակէն վերցուէին ցեղասպանութեան ծրագրի գործադրութենէն առաջ, որովհետեւ վտանգ չկար միւսներէն, որոնք նարտի կը խաղային Թալէաթի հետ:

Ազգանունները եւ ծննդեան վայրերը Հնչակեան քսան կախաղաններուն՝ կը ներկայացնէին արեւելահայ ու արեւմտահայ մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերը, եւ իրենց կենցաղով ու ընկերվարական համոզումներով կարելի է զանոնք նկատել ազնուագոյն դասը (crème de la crème) այդ օրերու թուրք եւ հայ հասարակութեան:

Անոնց դատավարութիւնը կը կայանար՝ մեղադրուած ըլլալով Օսմանեան Կայսրութենէն անջատ ազատ ու անկախ Հայաստան մը կազմելու կամ հիմնելու ամμաստանութեամμ: Այդպիսի դատական յստակ ամբաստանութեամμ որեւէ ուրիշ հայ չէր դատուած եւ այդ պատճառաւ մահուան դատապարտուած՝ ապա կախաղան հանուած:

Երկչոտութիւն երբեք չկար անոնց դէպի մահ քալելու անմահութեան մէջ:

Մէկը մարգարէացաւ աւետելով արեւելքի հորիզոնին վրայ ծնունդը սոցիալիստական Հայաստանի:

Միւսը տուաւ իր թաշկինակը իրեն հաղորդութիւն տուող քահանային՝ պատուիրելով, որ մօրը ըսէ, թէ ան արցունքով թրջուած չէ: Եւ մէկը կտակեց, որ իրենց ետեւէն քսան հազարներ պիտի գային իրենց վրէժը լուծելու: Այդ վրէժը եկաւ Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ-Ապարանի ճակատներուն վրայ մղուած հերոսամարտի՝ մեր ժողովուրդի բոլոր հատուածներուն զարկերով:

Ու ծնունդ առաւ հայոց Առաջին Հանրապետութիւնը (1918–1920) եւ անկէ ետք՝ Երկրորդ Հանրապետութիւնը (1920–1990,) ապա՝ ներկայ օրերու ազատ ու անկախ Երրորդ Հանրապետութիւնը:

Կախաղաններու վրայ եւ խրամատներու մէջ զոհուած մեր անթիւ ու անհամար ազատամարտիկներու երազը իրականութիւն դարձաւ ներկայ փոքր Հայաստանի պետականութեամբ:

Առաջին Հանրապետութիւնը դարձաւ խարիսխը մեր ինքնորոշ կեանքի:

Երկրորդ Հանրապետութիւնը դարձաւ կերտիչը մեր պետական կեանքի:

Երրորդ Հանրապետութիւնը տեսաւ սեփական կեղեքիչներու կողմէ քանդումը այն բոլոր սիւներուն ու կամարներուն, որոնց վրայ կանգնած էր նահատակներով բարձրացած մեր տուն տաճարը:

Եւ ի պատիւ մեր հայրենիքի ողջամիտ երիտասարդութեան՝ վերջ դրուեցաւ շահագործողներու իշխանութեան, որ հայրենասիրութեան անուան տակ թալանած էր հայրենիքը՝ ոտքի տակ դնելով նահատակաց զոհողութիւնը:

Հայրենի ներկայ իշխանութիւնը այսօր կը պայքարի արտաքին ու ներքին ճակատներու վրայ՝ փըրկելու համար մեր պետականութիւնը, որուն կերտումին համար զոհուեցան Հնչակեան քսան կախաղաններն ու իրենց նմանները: Լքուած մեր դարաւոր դաշնակից Ռուսիայէն եւ պարտուած մեր դարաւոր թշնամի թուրքէն ու թաթար-ազերիէն, այժմէական կը դառնայ դար մը առաջ հնչակեան տիտաններէն Մեծն Մուրատի ըրած կոչն ու պահանջը, որ միանան հայկական բոլոր ուժերը: Այդ կոչին չանսացող մարդիկ այն ատեն նախընտրեցին գործակցիլ թուրք ազգայնականներու վոհմակին հետ՝ յօգուտ նեղ կուսակցական կամ եկեղեցական շահերու: Նոյն վիճակին առջեւ կը գտնուինք այսօր, երμ մեզ լքած Ռուսիոյ փէշերուն տակ ծուարած մարդիկ, իրենց նեղ շահերէն մեկնած, հազարումէկ սին պատճառաբանութիւններով իշխանափոխութիւն պահանջելով՝ կը փորձեն քանդել մեր պետականութեան հիմերը:

Հնչակեանները, որ ատենօք ճիշդ կողմնորոշուած էին թուրք ազգայնական Իթթիհատականներուն դէմ՝ կանխատեսելով անոնց հայատեաց եւ ցեղասպան քաղաքականութիւնը, այսօր ալ գիտցած են ճիշդ կողմնորոշուիլ Հայաստանի ներկայ իշխանութեան կողքին, որուն մէջ կը տեսնեն աւազակապետութեան դէմ պայքարող եւ հայրենի ժողովուրդը դէպի խաղաղ ու հանգիստ կեանք տանող, իմաստուն դիւանագիտութիւն վարող եւ իրապաշտութեամμ երկիր կառավարող քաղաքականութիւն:

Հնչակեան քսան կախաղաններու դաստիարակութեամμ հայրենասէր ու ազգասէր դարձածները խոնարհելով անոնց յիշատակին առջեւ՝ կը խոստանան ճիշդ կողմնորոշուելով միշտ գերադասել ազգային շահերը, նոյնիսկ զոհելով իրենց կուսակցական նախընտրութիւնները:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment