Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Հայաստանի Պաշտպանական Կարիքներուն Նուիրուած Ֆրանս-Հայկական Համաժողով՝ Յունիս 18-ին

Հայաստանի Պաշտպանական Կարիքներուն Նուիրուած Ֆրանս-Հայկական Համաժողով՝ Յունիս 18-ին

by MassisPost

Յունիս 18-ին EUROSATORY ցուցահանդէսի շրջանակներուն մէջ GICAT (Ֆրանսայի պաշտպանութեան եւ պաշտպանական արդիւնաբերութեան կազմակերպութիւն) տաղաւարին մէջ տեղի պիտի ունենայ Ֆրանս-հայկական համաժողով՝ նուիրուած Հայաստանի պաշտպանական կարիքներուն եւ Ֆրանսայի հետ ընթացիկ համագործակցութեան։

Համաժողովին պիտի մասնակցին  ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ՀՀ բարձր արհեստագիտութիւններու արդիւնաբերութեան նախարար Մխիթար Հայրապետեանը, GICAT-ն  ու անոր անդամները, ինչպէս նաեւ Ֆրանսա-Հայաստան առեւտրաարդիւնաբերական պալատի անդամները։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment