Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թոյլ Պիտի Չտանք, Որ ԼՂ Կղերաֆէօտալական Վերնախաւը Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Փորձէ Օգտագործել. Փաշինեան

Թոյլ Պիտի Չտանք, Որ ԼՂ Կղերաֆէօտալական Վերնախաւը Լեռնային Ղարաբաղի Ժողովուրդը Փորձէ Օգտագործել. Փաշինեան

by MassisPost

Ընկերային խնդիրները հասցէագրելու հարցով Հայաստանի կառավարութիւնը պիտի աջակցի Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած հայրենակիցներուն:

Այս մասին կառավարութեան նիստին ժամանակ վստահեցուց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Վերջինս ընդգծեց նաեւ կառավարութեան քաղաքական կամքը․ «Թոյլ չենք տալու, որ Լեռնային Ղարաբաղի կղերաֆէօտալական վերնախաւը ԼՂ ժողովրդին փորձի օգտագործել իր կլանային նպատակների համար։ Շատ համբերատար ենք, շատ հանդուրժող, մեր սէրը չենք թաքցնում, բայց էլի եմ ասում՝ ոեւէ մէկը սա չպէտք է շփոթի, իշխանութեան թուլութիւն չպէտք է ընկալի եւ գնահատի»,- շեշտեց ան:

Վարչապետը յոյս յայտնեց, որ ուղերձներու հասցէատէրերը կ’ընկալեն զանոնք ու «չեն հասցներ անոր, որ ուղերձները առաքուին արդէն յստակ հասցէներով»։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment