Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ռուսաստանը Մեկնաբանած Է ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Մասին Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

Ռուսաստանը Մեկնաբանած Է ՀԱՊԿ-էն Հայաստանի Դուրս Գալու Մասին Նիկոլ Փաշինեանի Յայտարարութիւնը

by MassisPost

Անհրաժեշտ է սպասել Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պաշտօնական յայտարարութեան՝ Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութենէն (ՀԱՊԿ) դուրս գալու որոշման վերաբերեալ։

Այս մասին յայտնած է Ռուսաստանի Դաշնային Խորհուրդի միջազգային հարցերով կոմիտէի նախագահ Կրիկորի Քարասինը՝ «Լենթա»-ի հետ զրոյցին։

«Նման յայտարարութիւնները, ի հարկէ, ուշադրութիւն կը գրաւեն, բայց երբեմն անոնք կը կատարուին խորհրդարանին մէջ զգացական վէճի թէժ պահուն։ Ուստի մենք՝ որպէս ՀԱՊԿ-ի մէջ Հայաստանի գործընկեր, հաւանաբար պէտք է սպասենք վարչապետի պաշտօնական յայտարարութեան, այլապէս այդ ամէնը օդին մէջ կախուած պիտի ըլլայ եւ անորոշութիւն պիտի ստեղծէ, ինչ որ շատ աղէտալի է Հայաստանի համար՝ որպէս Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի Կազմակերպութեան անդամ»,- ըսած է Քարասինը։

Յիշեցնենք՝ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային Ժողովին մէջ այսօր յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ-ի հետ կապուած կառավարութիւնը ճշգրիտ ըրած է այն, ինչ գրուած է Սահմանադրութեան մէջ, եւ յաջորդ տրամաբանական քայլը պիտի ըլլայ կազմակերպութենէն դուրս գալը:

«Ուզում եմ յիշեցնել, որ մենք 2021-26 թթ ծրագրում չենք ասել, որ մենք մնալու ենք ՀԱՊԿ-ի անդամ, մենք ասել ենք՝ հարցեր ունենք, որոնց պատասխանների հետեւից գնալու ենք»,- ըսած է վարչապետը։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment