Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Այո՛, Ըսած Եմ 4 Օր, Յետոյ Ալ Կրնայ Եւս 4 Օր Ըսեմ, Յետոյ Ալ՝ Մէկ Ամիս, Յետոյ Ալ՝ Մէկ Տարի. Վազգէն Գալստանեան

Այո՛, Ըսած Եմ 4 Օր, Յետոյ Ալ Կրնայ Եւս 4 Օր Ըսեմ, Յետոյ Ալ՝ Մէկ Ամիս, Յետոյ Ալ՝ Մէկ Տարի. Վազգէն Գալստանեան

by MassisPost

«Դուք շատ յուզուած էք այդ ժամկէտներով»:

Այս մասին լրագրողներու հետ զրոյցին ըսաւ Վազգէն Գալստանեանը՝ արձագանգելով հարցումին, թէ իր նշած ժամկէտը՝ 4 օրը, փաստօրէն կը լրանայ:

«Ժամկէտը չի լրանում, մեր պայքարը անժամկէտ է: Այո՛, ասել եմ՝ 4 օր, յետոյ էլ կարող ա եւս 4 օր ասեմ, յետոյ էլ՝ մի ամիս, յետոյ էլ՝ մի տարի ասեմ: Այս օրը չափազանց կարեւոր օր է, եւ ես ասել եմ՝ համապատասխան թուով մեր ժողովուրդը կը հաւաքուի, իր ընդվզումը կը յայտնի, ես էլ պատրաստ եմ իրացնել դա»,- ըսաւ Գալստանեան:

Յիշեցնենք, որ Յունիս 9-ին հրաւիրած հանրահաւաքի ժամանակ Վազգէն Գալստանեանը իր համակիրներուն կոչ ըրած էր 4 օր, այսինքն՝ 96 ժամ, անդադար մնալու փողոցը՝ վստահեցնելով, որ այդ կերպ պիտի հասնին ցանկալի արդիւնքի, այն է՝ իշխանափոխութեան:

Ան նաեւ ընդդիմադիր պատգամաւորներուն կոչ ըրած էր վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու գործընթաց սկսելու:

Ազգային Ժողովի Խորհուրդը, սակայն, մերժած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով Ազգային Ժողովի արտահերթ նիստ գումարելու ընդդիմութեան միջնորդութիւնը:

Այնուհետեւ պարզ դարձաւ, որ իմփիչմենթ յայտնելու համար խորհրդարանական ընդդիմութիւնը չէր կրցած համապատասխան թիւով ձայներ հաւաքել եւ Ազգային Ժողովի օրակարգ տարած էր ոչ թէ իմփիչմենթի, այլ հրաժարականի ուղերձի նախագիծ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment