Երեւանի Բաղրամեան եւ Դեմիրճեան փողոցներու խաչմերուկին զանգուածային անկարգութիւններ կազմակերպելու եւ իրականացնելու դէպքի առթիւ քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է, յայտնած է Քննչական Կոմիտէն։
Ըստ կառոյցին՝ հաւաքին մասնակիցները չեն ենթարկուած ոստիկանութեան ծառայողներու օրինական պահանջներուն, «սկսած են հասարակական անվտանգութեան սպառնացող զանգուածային անկարգութիւններ»՝ «ոստիկաններու նկատմամբ բռնութեան գործադրմամբ, անոնց ուղղութեամբ տարբեր առարկաներ նետելով»։
«Զանգուածային անկարգութիւնների կազմակերպիչներին եւ մասնակիցներին ձերբակալելու նպատակով միջոցներ են ձեռնարկւում` նրանց նոյնականացնելու, ինքնութիւնը պարզելու ուղղութեամբ», – նշած է ՔԿ-ն։
Այսօր խորհրդարանին մօտ վարչապետին հրաժարականը պահանջող «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման մասնակիցներուն եւ ոստիկաններուն միջեւ բախումներ եղան, ոստիկանութիւնը լուսաձայնային նռնակներ կիրառեց։ Կան տուժածներ։ Անոնց թիւը, սակայն, յայտնի չէ։