Իրանեան կողմը հանդէս կու գայ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման օգտին, սակայն չ’ընդունիր տարածաշրջանային սահմաններու փոփոխութիւնները։ Այս մասին CNN Turk-ին տուած հարցազրոյցին յայտնած է Իրանի արտաքին գործերու նախարարի պաշտօնակատար Ալի Պաղերի Քանին՝ պատասխանելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»ին մասին հարցումին հայ-ատրպէյճանական կարգաւորման լոյսին ներքոյ:
«Իրանեան կողմը կ’աջակցի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն տարածաշրջանի զարգացման, մասնաւորապէս՝ հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման: Սակայն Թեհրանը դէմ է որեւէ նախագիծերու եւ նախաձեռնութիւններու, որոնք կը փոխեն տարածաշրջանի ժողովրդագրութիւնը եւ սահմանները»,- ընդգծած է Քանին։