Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Տանոլտ Թրամփ Ստացաւ Դատապարտեալի Կարգավիճակ

Տանոլտ Թրամփ Ստացաւ Դատապարտեալի Կարգավիճակ

by MassisPost

Նիւ Եորքի Մէնհաթընի շրջանային դատարանէն ներս իր աւարտին հասաւ Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ՝ Տանոլտ Թրամփի եօթը շաբաթ տեւած դատավարութիւնը: 12 քաղաքացիներէ բաղկացած երդուեալներու կազմը միաձայնութեան մեղաւոր գտաւ Թրամփը, իր դէմ ուղղուած բոլոր՝ 34 մեղադրանքներուն հայցերով:

Տանոլտ Թրամփի դէմ ուղղուած մեղադրանքները կը վերաբերէին Փոռնօ ֆիլմերու աստղի մը հետ տարիներ առաջ  անոր ունեցած սեռային յարաբերութիւնը գաղտնի պահելու համար 2016-ի նախագահական ընտրութիւններէն կարճ ժամանակ առաջ, դերասանուհիին վճարուած 130 հազար տոլարի հարցին, որպէսզի ան հրապարակաւ չխօսի այդ մասին: Ըստ դատախազութեան, Թրամփ այսպիսով խախտած է ընտրական օրէնքները եւ այդ ընելու համար կեղծած է որոշ փաստաթուղթեր: Դատարանի այս որոշումով  Տանոլտ Թրամփ կը դառնայ Ամերիկայի պատմութեան մէջ առաջին նախագահը եւ կամ նախկին նախագահը, որ կþունենայ դատապարտեալի կարգավիճակ: Այդ կարգավիճակը սակայն չþարգիլեր, որ ան շարունակէ մասնակցիլ  նախագահական յաջորդ ընտրութիւններուն:

Յուլիս 11-ին դատաւորը պիտի սահմանէ Թրամփի կրելիք պատիժը, որ կրնայ ըլլալ փորձաշրջան, տնային կալանք եւ քիչ հաւանական՝ բանտարկութիւն: Սակայն, հոն հասնելէ առաջ, ան իրաւունք ունի  դիմելու վերաքննիչ դատարան եւ հասնիլ մինչեւ Գերագոյն Դատարան: Այդ բոլորը կրնան տեւել ամիսներ եւ նոյնիսկ տարիներ, իսկ մինչ  այդ Թրամփ կը մնայ ազատութեան մէջ:

Տանոլտ Թրամփ  տեղի ունեցած դատական գործընթացը կը նկատէ կեղծիք ու քաղաքական հետապնդում՝ Ճօ Պայտընի վարչակազմին կողմէ: Ամերիկեան օրէնքներուն գիտակ յայտնի իրաւաբաններ Սպիտակ Տան կողմէ նման միջամտութիւն կը նկատեն անկարելի՝ նկատի առնելով, որ Ամերիկայի մէջ գոյութիւն ունի իշխանութեան տարանջատում՝ գործադիրի եւ դատականի միջեւ: Հետաքրքիր զուգադիպութեամբ մը« այս օրերուն սկսաւ Պայտընի զաւակին՝ Հանթըր Պայտընի մէկ դատավարութիւնը՝ անօրէն զէնք կրելու մեղադրանքով, սակայն, նախագահ Պայտըն  ոչ մէկ կերպով կը միջամտէ այդ դատական գործին:

Այժմ, քաղաքական շրջանակներու կողմէ քննարկուող գլխաւոր հարցը այն է, թէ դատարանի այս որոշումը որքանով կրնայ ազդել ընտրութիւններու արդիւնքներուն վրայ: Փաստ է, որ Թրամփ ունի միլիոնաւոր հետեւորդներու հսկայ բանակ մը, որոնք պատրաստ  են մնալու իր կողքին՝ ինչ որ ալ ըլլան պարագաները: Սակայն, վերընտրուելու համար Թրամփ պէտք ունի նաեւ նախապէս իրեն քուէարկած անկախ ընտրողներու ձայներուն, որոնց մէջ կան մարդիկ, որոնք պիտի չուզեն իրենց ձայնը տալ  դատապարտեալ  թեկնածուի մը: Նման ընտրողները քանի տոկոս կը կազմեն, այժմ հարցախոյզերը այդ է որ, կ՛ուզեն պարզել:

Մինչ տեղի կ՛ունենան այս իրադարձութիւնները, Թրամփ առիթը  չի կորսնցներ իր հաւատարիմ համակիրներէն ընտրական նուիրատուութիւններ խնդրելու: Վերջին տուեալներու համաձայն, դատարանի վճիռէն ասդին Թրամփի ընտրական ֆոնտը ստացած է 141 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն՝ անհատ քաղաքացիներու փոքր գումարներուն շնորհիւ:

Նախագահ Պայտըն, որ ցարդ կը խուսափէր օգտագործելէ «քրէական յանցագործ» եզրը, այժմ սկսած է այդպէս կոչել իր մրցակիցը:

Ինչ որ ալ ըլլան պարագաները, Միացեալ Նահանգներու յաջորդ ընտրութիւնները դարձեալ պիտի վճռուին մի քանի տասնակ հազար ձայներու տարբերութեամբ ու այդ ձայները ոչ միայն պիտի որոշեն Ամերիկայի ապագան« այլ՝ ամբողջ աշխարհի՝ առմուազն մի քանի տասնամեակի համար:

Գ. ԽՈՏԱՆԵԱՆ
«ՄԱՍԻՍ»

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment