Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ ՍԴՀԿ Կը Կիսէ ՀՀ Կառավարութեան Խաղաղութեան Օրակարգը. Համբիկ Սարաֆեանը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

ՍԴՀԿ Կը Կիսէ ՀՀ Կառավարութեան Խաղաղութեան Օրակարգը. Համբիկ Սարաֆեանը՝ Նիկոլ Փաշինեանին

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Համբիկ Սարաֆեանը:

Վարչապետը բարձր գնահատած է ՀՀ կառավարութեան եւ ՍԴՀԿ-ի միջեւ ձեւաւորուած երկխօսութիւնը եւ կարեւորած է Սարաֆեանի այցը Հայաստան, ինչ որ հնարաւորութիւն կու տայ քննարկել տեղի ունեցող գործընթացները:

Համբիկ Սարաֆեան նշած է, որ ՍԴՀԿ կը կիսէ ՀՀ կառավարութեան խաղաղութեան օրակարգը, մարտահրաւէրները յաղթահարելուն միտուած քայլերը, ինչպէս նաեւ վարուող արտաքին քաղաքականութիւնը:

Զրուցակիցները քննարկած են արտաքին եւ ներքին քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն վերաբերող հարցեր:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment