Home ԱՐՈՒԵՍՏ - ՄՇԱԿՈՅԹ Զուարթնոց Մշակութային Վարչութեան կազմակերպած Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակ

Զուարթնոց Մշակութային Վարչութեան կազմակերպած Պարոյր Սեւակի Ծննդեան 100-Ամեակ

by MassisPost

Արեւմտեան Թեմի, Զուարթնոց Մշակութային Վարչութեան կազմակերպութեամբ՝ Չորեքշաբթի, 22 Մայիս, 2024 երեկոյեան, հովանաւորութեամբ՝ Բարեջան Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Առաջնորդարանի “Համբար” սրահին մէջ տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսական երեկոյ մը նուիրուած 20րդ դարու մեծ բանաստեղծ Պարոյր Սեւակի ծննդեան 100 ամեակին:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Զուարթնոց Մշակութային Վարչութեան Ատենապետ Տոքթ. Սիմոն Սիմոնեանը: Ան ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ այս ձեռնարկին յատուկ նպատակին, անմար պահելու Մեծ բանաստեղծին յիշատակը եւ գործերուն: Ապա՝ հրաւիրեց վարչութեան անդամ Տոքթ. Յարութ Եաղսըզեանը որ ներկայացնէ օրուայ բանախօսը:

Տոքթ. Եաղսըզեան գնահատանքով ադրադարձաւ Օրուայ Բանախօս Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանին հրպարակային ելոյթներուն մասին յատկապէս՛ գրական մշակութային ոլորտներուն մէջ տարբեր նիւթեր եւ դէմքեր ներկայացնելով: Ապա ՛ հրաւիրեց յարգելի բանախօսը որ ներկայացնէ մեծն Պարոյր Սեւակը:

 

Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեան շատ հետաքրքրական եւ մասնագիտական ձեւով անդրադարձաւՊարոյր Սեւակի մանկութենէն սկսած կեանքին բոլոր հանգրուաններուն: Թէեւ ընդհանուր եւ սակայն միեւնոյն ատեն կարեւոր մանրամասնութիւններով ներկայացուած տեղեկութիւնները ներկաններուն մօտէն ծանօթացուցին Պարոյր Սեւակ մարդուն եւ հայրենասէրին:

Մեծապէս գնահատելի էր Տոքթ. Գրիգոր Սիմոնեանի ներկայացուցած նիւթը յատկապէս՛ որ ան սահիկներու եւ նկարներու միջոցաւ գրասէր ներկաներուն կապեց հետեւելու բոլոր հանգրուաններուն: Իր ելոյթին վերջաւորութեան, մեծն Պարոյր Սեւակի ձայնով արտասանուած բանաստեղծութիւնը շատ հաճելի էր:

Տոքթ. Եաղսըզեան ապա բեմ հրաւիրեց մեծատաղանդ ասմունքող Նունէ Աւետիսեանին որ Պարոյր Սեւակի բանաստեղծութիւններէն հոյլ մը ներկայացուց եւ արժանացաւ ծափողջիւններու:

Ապա՛ բեմ հրաւիրուեցաւ Տէր Մանուկ Աւագ Քնյ. Մարգարեան որ իր սրտի խօսքը փոխանցէ:Տէր հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Զուարթնոց Միութեան վարչութեան եւ բոլոր անոնց որ սատարեցին ձեռնարկին կազմակերպութեան եւ մասնակից եղան յայտագրին: Ան պատմեց իր  պատանեկութեան տարիներուն, դպրեվարքի սաներուն հետ  պտոյտէ մը Էջմիածին վերադարձի ճամբուն վրայ ականատես եղած էր Պարոյր Սեւակի մահուան պատճառ դարձած վթարէն ետք մնացած ծանրօրէն վնասուած ինքնաշարժին: Այդ երեւոյթը մեծապէս ազդած էր բոլորին վրայ: Ան յիշեց որ այդ տարիներուն Պարոյր Սեւակ միշտ այցելութեան կու տար Էջմիածին: Հաւատացեալ էր մեծանուն բանաստեղծը որ ըսած է թէ որեւէ գրող ներշնչուած կ՛ըլլայ աստուածաշունչէն: Տէր Մանուկ Աւագ Քհնյ. Մարգարեանը իր խօսքը աւարտեց Ամենայն Հայոց Վազգէն Վեափառի խօսքով որ ըսած է որ, Պարոյր Սեւակը կ՝ապրի այնքան ինչքան որ հայ ժողովուրդը պիտի ապրի:

Ապա հրաւիրուեցաւ Հայր Սուրբը որ պահպանիչով աւարտեց հանդիսութիւնը:

Վարձքը կատար կազմակերպիչներուն, օրուայ բանախօսին եւ յայտագրին մասնակիցներուն:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment