Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Վարչապետ Փաշինեանն Ու «Լիպրա Կրուփ»-ի Նախագահը Անդրադարձած Են Համագործակցութեան Հեռանկարներուն

Վարչապետ Փաշինեանն Ու «Լիպրա Կրուփ»-ի Նախագահը Անդրադարձած Են Համագործակցութեան Հեռանկարներուն

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԱՄՆ-ի եւ աշխարհի այլ երկիրներու մէջ գործունէութիւն ծաւալող «Լիպրա Կրուփ» ընկերութեան նախագահ Ճորճ Լոկոթեթիսը: Ընկերութիւնը ունենալով քանի մը միլիառ տոլարի դրամագլուխ՝ գործունէութիւն կը ծաւալէ այլընտրանքային ուժանիւթի, ներդրումներու, օդային փոխադրութեան, սպասարկման եւ այլ բնագաւառներու մէջ:

Վարչապետ Փաշինեան ողջունած է Լոկոթեթիսի այցը Հայաստան եւ նշած է, որ այն լաւ հնարաւորութիւն է քննարկելու համագործակցութեան ու Հայաստանի մէջ ներդրումային ծրագրեր իրականացնելու հարցերը: Վարչապետը նշած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը կը կարեւորէ արեւային եւ կանաչ ուժանիւթի, օդային փոխադրութեան եւ այլ ուղղութիւններով նոր նախագիծերու իրականացումը:

Ճորճ Լոկոթեթիսը անդրադարձած է «Լիպրա Կրուփ»-ի գործունէութեան եւ նշած է, որ պատրաստ են շարունակելու քննարկումները Հայաստանի մէջ ծրագրերու կեանքի կոչման ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները անդրադարձած են համագործակցութեան հեռանկարներուն, ինչպէս նաեւ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment