Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Բագրատ Գալստանեանը Վարչապետի Թեկնածու

Բագրատ Գալստանեանը Վարչապետի Թեկնածու

by MassisPost

Հանրապետութեան հրապարակին վրայ Մայիս 26-ին «Տաւուշը յանուն հայրենիքի» շարժման հանրահաւաքին ներկայացուեցաւ  շարժման օրակարգն ու յայտարարուեցաւ Բագրատ  Գալստանեանի անունը, որպէս  վարչապետի թեկնածուի։ Ան ըսաւ թէ այսպիսով շարժումը կը մտնէ վճռական փուլ:

Անդրադառնալով շարժման կողմէ վարչապետի առաջադրուելիք թեկնածուին՝  Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանը համոզմունք յայտնեց, որ ան պէտք է ըլլայ վերկուսակցական, պէտք է ձեւաւորէ անցումային կառավարութիւն, որ պիտի ըլլայ հաշտութեան կառավարութիւն՝ յստակ ունենալով օրակարգային ուղղութիւններ:

«Նախ, այն պէտք է լինի ներքին հաշտութեան կառավարութիւն՝ հիմնուած արդարութեան եւ արդարադատութեան վրայ, կեանքի ապաքինմամբ եւ զարգացմամբ պայմանաւորուած:

«Արտաքին յարաբերութիւններում պէտք է վարի առանց հակա-ների քաղաքականութիւն՝ ամէն գնով սառեցնելով ներկայիս իրավիճակը, ապա դրանից բխած օրինակելի օրակարգի զարգացնի քաջ գիտակցելով խաղաղութեան արժէքը:

«Նոր կառավարութիւնը պէտք է ձգտի խաղաղութեան՝ իրական կայուն արժանապատիւ եւ երկարաժամկէտ, ուժի եւ սպառնալիքի կիրառման բացառմամբ, կարգաւորի մարդասիարական խնդիրները՝ գերիների եւ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան վերադարձով պայմանաւորուած:

«Խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ. իրական, խորքային, արդար, կայուն, երկարաժամկէտ խաղաղութեան ապահովմանը միտուած բանակցութիւնները պէտք է ներառեն նաեւ արցախցիների անվտանգ վերադարձի, լայն իմաստով, անվտանգութեան եւ, բոլոր իմաստներով, պաշտպանութեան խնդիրները»,- նշեց Բագրատ  Գալստանեանը:

Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթացն ալ, ըստ անոր, պէտք է ըլլայ Խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն անմիջապէս յետոյ:

Այնուհետեւ պիտի պատրաստուին  եւ տեղի ունենան արտահերթ կամ հերթական ընտրութիւնները` ազատ եւ թափանցիկ, որոնց երաշխաւորը պիտի ըլլայ անցումային կառավարութեան ղեկավարը՝ առանց յաւակնութիւն ունենալու անոնց մասնակցելու:

Բագրատ Գալստանեանը կրկին պահանջեց վարչապետին հրաժարականը:

Բագրատ Գալստանեանը յայտնեց, որ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին եւ հոգեւոր եղբայրներուն խնդրած է սառեցնել իր երեսնամեայ ծառայութիւնը եւ կը պատրաստուի անձնական պատասխանատուութիւն ստանձնելու ամբողջ ընթացքին համար:

Այնուհետեւ ան յայտարարեց, որ Հանրապետութեան հրապարակէն երթով պիտի շարժին կառավարական ամառանոց՝ ակնկալելով հանդիպիլ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ՝ ներկայացնելու իրենց պահանջը:

Վարչապետ Փաշինեանը, սակայն, վաղ առաւօտէն Լոռու մարզ կը գտնուէր` այնտեղ ծանօթանալով աղէտի հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment