Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Արարատ Միրզոյեանն Ու Լուիս Պոնօն Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգային Հարցեր

Արարատ Միրզոյեանն Ու Լուիս Պոնօն Քննարկած Են Տարածաշրջանային Անվտանգային Հարցեր

by MassisPost

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարար Արարատ Միրզոյեանը եւ ԱՄՆ կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ Մինսքի Խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն քննարկած են տարածաշրջանային անվտանգային հարցեր:

Զրուցակիցները անդրադարձած են հայ-ատրպէյճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ վերջին զարգացումներուն, այդ շարքին՝ խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծին մէջ առանցքային հարցերու շուրջ մօտեցումներուն եւ անոնց համաձայնեցման ուղղութեամբ ջանքերուն: Միրզոյեան ընդգծած է երկու երկիրներուն կողմէ ամենաբարձր մակարդակով արտայայտուած՝ 1991թ. Ալմա-աթայի հռչակագրի հիման վրայ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման յանձնառութեան հաւատարմութեան, պայմանագրին մէջ ամրագրման եւ հռչակագրի հիման վրայ սահմանազատման գործընթացի կարեւորութիւնը: Ընդգծուած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման ու սահմանային անվտանգութեան յանձնաժողովներու վերջին հանդիպումներու ժամանակ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարը եւ ԱՄՆ պաշտօնեան միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային կապուղիներու ապաշրջափակման հարցերու շուրջ: Արարատ Միրզոյեանը ներկայացուցած է թեմային շուրջ վերջին քննարկումներն ու ՀՀ մօտեցումները, որոնք կը շարունակեն համահունչ ըլլալ հանրահռչակուած՝ ինքնիշխանութեան ու ազգային օրէնսդրութեան յարգման, հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներուն:

Փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը եւս ընդունած է Լուիս Պոնօն:

ԱՄՆ պետական քարտուղար Պլինքըն իր հերթին յոյս յայտնած է, որ Երեւանն ու Պաքուն կը յաջողին համաձայնութեան հասնիլ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment