Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Սահմանապահ Զօրքերը Պաշտօնապէս Ստանձնած Են Տաւուշի Մարզի Որոշ Հատուածներուն Մէջ Սահմանի Պահպանութիւնը. ԱԱԾ

Սահմանապահ Զօրքերը Պաշտօնապէս Ստանձնած Են Տաւուշի Մարզի Որոշ Հատուածներուն Մէջ Սահմանի Պահպանութիւնը. ԱԱԾ

by MassisPost

Սոյն թուականի Մայիս 24-էն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան սահմանապահ զօրքերը պաշտօնապէս կը ստանձնեն Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր բնակավայրի 1,9 քմ, Ոսկեպար եւ Բաղանիս բնակավայրերու 4,9 քմ հատուածներու պահպանութիւնը։

Այս մասին յայտնած է ԱԱԾ-ն:

Պետական սահմանի Կիրանց բնակավայրի 5,8 քմ հատուածի պահպանութիւնը, մինչեւ 2024 թուականի Յուլիս 24, պիտի իրականացուի անցումային ծրագրով:

Միեւնոյն տրամաբանութեամբ, Ատրպէյճանի Հանրապետութեան կողմէ սահմանային հանդիպակաց հատուածներու պահպանութիւնը սոյն թուականի Մայիսի 24-էն պիտի իրականացուի Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանապահ ծառայութեան ստորաբաժանումներուն կողմէ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment