Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Արժանթինը Հայաստանի Կարեւոր Գործընկերներէն Է՝ 5-րդը Մեր Տնտեսութեան Մէջ Ներդրումներու Ծաւալով. Պապոյեան

Արժանթինը Հայաստանի Կարեւոր Գործընկերներէն Է՝ 5-րդը Մեր Տնտեսութեան Մէջ Ներդրումներու Ծաւալով. Պապոյեան

by MassisPost

Մայիս 23-ին ՀՀ տնտեսութեանի նախարար Գէորգ Պապոյեանը մասնակցած է Արժանթինի ազգային տօնին նուիրուած միջոցառման։

Նախարարը իր ելոյթին մէջ գոհունակութեամբ նշած է, որ երկու երկիրներուն միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումէն ի վեր կարելի եղած է ամրապնդել աւանդաբար ջերմ բարեկամական յարաբերութիւնները, արդիւնաւէտ համագործակցութիւնն ու գործընկերային սերտ կապերը, որոնք հիմնուած են համերաշխութեան եւ փոխադարձ յարգանքի, ընդհանուր արժէքներու եւ պատմութեան վրայ:

«Արժանթինը Հայաստանի ներդրումային կարեւոր գործընկերներէն է՝ 5-րդը մեր տնտեսութեան մէջ ներդրումներու ծաւալով: Լիայոյս ենք, որ համատեղ ջանքերու շնորհիւ մեր երկու պետութիւններուն միջեւ առեւտրատնտեսական յարաբերութիւնները նոր թափ պիտի ստանան, որուն համար առկայ է անհրաժեշտ ներուժ»,- նշած է Գէորգ Պապոյեան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment