Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Թուրքիան Պիտի Արագօրէն Կարգաւորէ Յարաբերութիւնները Հայաստանի Հետ․ Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիան Պիտի Արագօրէն Կարգաւորէ Յարաբերութիւնները Հայաստանի Հետ․ Ահմեթ Տաւութօղլու

by MassisPost

Թուրքիոյ արտաքին գործերու նախկին նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուն ընդդիմադիր խորհրդարանականներու հետ հանդիպման անդրադարձած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին, այդ շարքին՝ տարածաշրջանային զարգացումներուն։

«Թուրքիան պիտի արագօրէն կարգաւորէ յարաբերութիւնները Հայաստանի հետ։ Փոխադարձաբար պէտք է բացուին սահմանային անցակէտերը ու դեսպանութիւնները։ Պէտք է կանխել Մերձաւոր Արեւելքի «հրդեհի» տարածումը դէպի Կովկաս»,- ըսած է ան։

Տաւութօղլուն անդրադարձած է նաեւ Իրանի նախագահին հետ տեղի ունեցած ողբերգական դէպքին, նշած է, որ Թուրքիան պէտք է քայլեր ձեռնարկէ, որ Միջին Արեւելքի «հրդեհը» յանկարծ չտարածուի Կովկասի մէջ:

«Կովկասի զարգացումները չեն կրնար հեռու պահուիլ Մերձաւոր Արեւելքի զարգացումներէն։ Ռայիսիի հանդիպումը Ալիեւի հետ որպէս շատ կարեւոր քայլ համարած էի։ Անհրաժեշտ կը համարեմ շտապ եռակողմ գագաթաժողով անցկացնել Թուրքիոյ, Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ»,- եզրափակած է ան։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment