Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Ատրպէյճանի Մեճլիսը Կը Դատապարտէ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու Պալատի Նախագահին Յայտարարութիւնները

Ատրպէյճանի Մեճլիսը Կը Դատապարտէ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու Պալատի Նախագահին Յայտարարութիւնները

by MassisPost

Ատրպէյճանի Միլի Մեճլիսը կը դատապարտէ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատի նախագահին Երեւանի մէջ հնչեցուցած յայտարարութիւնները՝ պնդելով, որ «միջամտութեան փորձերը նպատակ ունին խաթարել խաղաղութեան գործընթացին յաջող ձեռքբերումները»։

«Երեւի Լիւքսեմպուրկի ներկայացուցիչները իրենց օրէնսդրութեան մէջ ֆրանսերէնը հիմնական լեզու սահմանելով չափազանց տարուած են «ֆրանսական ոճով» Հարաւկովկասեան տարածաշրջանի նկատմամբ մօտեցմամբ։ Անոնք չեն խուսափիր կամայականօրէն խեղաթիւրելէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացները եւ նոյնիսկ որոշ պահանջներ կը ներկայացնեն Ատրպէյճանին»,- ըսուած է Ատրպէյճանի խորհրդարանի յայտարարութեան մէջ։

Դիմելով հայկակական կողմին՝ ատրպէյճանցի պատգամաւորները «յիշեցուցած են»․ «Տարածաշրջանէն դուրս գտնուող երրորդ երկիրներու կողմէ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն վերաբերեալ միակողմանի մօտեցումներուն, յերիւրանքներուն ու սուտերուն ծափահարելն ու աջակցիլը օգուտ չի տար ոչ խաղաղ գործընթացին, ոչ ալ վստահութեան ամրապնդման միտուած քայլերուն»։

Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատի նախագահ Քլոտ Վիզլերը Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ յայտարարեց՝ Լիւքսեմպուրկը կը պահանջէ, որ Պաքուն անմիջապէս ազատ արձակէ բոլոր ռազմագերիները եւ համապարփակ տեղեկատուութիւն տրամադրէ բոլոր անհետ կորսուածներուն մասին: Վեց օր առաջ ալ Լիւքսեմպուրկի Պատգամաւորներու պալատը միաձայն ընդունած բանաձեւով նոյն կոչը ըրած էր։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment