Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ուշադիր Կը Հետեւի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Քարտուղարը Ուշադիր Կը Հետեւի Ատրպէյճանի Եւ Հայաստանի Միջեւ Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացին

by MassisPost

ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարը ուշադիր կը հետեւի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին։

Այս մասին կ’ըսուի AZERTAC-ի ամերիկեան բիւրոյի հարցումին՝ ՄԱԿ-ի մամուլի ծառայութեան պատասխանին մէջ։

Պատասխանին մէջ կ’ըսուի, որ գլխաւոր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեշ ողջունած է Ապրիլ 19-ին սահմաններու սահմանազատման շուրջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնը։

«Ան կողմերուն կոչ ըրած է շարունակելու սահմանի մնացած հատուածներուն սահմանազատումը եւ լուծելու բոլոր առկայ երկկողմ հարցերը՝ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորման հասնելու համար։

«Յուսադրող է, որ Ատրպէյճանն ու Հայաստանը ներկայիս կը շարունակեն աշխատիլ խաղաղ համաձայնագրի վրայ։ Յոյսով ենք, որ Մայիս 10-11-ին Ալմաթիի մէջ տեղի ունեցած արտաքին գործերու նախարարներու հանդիպման կը յաջորդէ հետագայ կառուցողական փոխգործակցութիւնը մնացած տարաձայնութիւնները լուծելու համար»,- ըսուած է ՄԱԿ-ի մամուլի ծառայութեան պատասխանին մէջ։

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment