Home ՀԱՅԱՍՏԱՆ Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Վիգէն Սարգսեանէն Բռնագանձել ԱՄՆ-ի Մէջ Եւ Երեւանի Կեդրոնը Գտնուող Գոյքը, Դրամական Միջոցներ

Դատախազութիւնը Կը Պահանջէ Վիգէն Սարգսեանէն Բռնագանձել ԱՄՆ-ի Մէջ Եւ Երեւանի Կեդրոնը Գտնուող Գոյքը, Դրամական Միջոցներ

by MassisPost

Հակափտածութեան դատարանը 2024 թուականի Մայիս 15-ին վարոյթ ընդունած է Գլխաւոր Դատախազութեան՝ ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման վերաբերեալ հերթական հայցադիմումը:

Այս մասին տեղեկացուցած էն ՀՀ Գլխաւոր Դատախազութեան Հանրային կապերու բաժինը:

«Գլխաւոր Դատախազութեան ապօրինի ծագում ունեցող գոյքի բռնագանձման գործերով վարչութիւնը պահանջ ներկայացուցած է դատարանին՝ ՀՀ պաշտպանութեան նախկին նախարար Վիգէն Սարգսեանէն եւ անոր փոխկապակցուած անձէն բռնագանձել՝

1 անշարժ գոյք Երեւանի կեդրոնը, իսկ անհնարինութեան պարագային՝ գոյքի միջին շուկայական արժէքը՝ 181 միլիոն 125 հազար դրամ.

ԱՄՆ Մասաչուսէց նահանգին մէջ գտնուող բնակելի տարածքը, իսկ անհնարինութեան պարագային՝ գոյքի ձեռքբերման արժէքը՝ 2 միլիոն 50 հազար ԱՄՆ տոլարին համարժէք 940 միլիոն 909 հազար դրամ.

255 միլիոն 454 հազար դրամ՝ որպէս ապօրինի դրամական միջոցներու մնացորդ.

172 միլիոն 486 հազար դրամ, որ չի հիմնաւորուիր անձի օրինական եկամուտներով, ունի ապօրինի ծագում եւ հնարաւոր չէ բռնագանձել, քանի որ 2004-2022 թուականներու ընթացքին փոխանցուած է բարեխիղճ ձեռքբերողի եւ/կամ հնարաւոր չէ նոյնականացնել՝ բռնագանձումը տարածելով նաեւ համատեղ կեանքի ընթացքին Լ.Գ.-ի անուամբ առեւտրային դրամատուներուն մէջ առկայ դրամական միջոցներու, գոյքերու վրայ»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment