Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպած Է Պելճիքայի Ընտրութիւններուն Առաջադրուած Հայ Թեկնածուներուն Հետ

Պրիւքսէլի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը Հանդիպած Է Պելճիքայի Ընտրութիւններուն Առաջադրուած Հայ Թեկնածուներուն Հետ

by MassisPost

Պրիւքսէլի մէջ Հայաստանի դեսպան, ԵՄ-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Տիգրան Բալայեանը հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի մէջ կայանալիք շրջանային, դաշնային եւ եւրոպական ընտրութիւններուն առաջադրուած հայ թեկնածուներ Աննա Յովսէփեանի, Արմինէ Հարէեանի, Նիքոլիա Դաւիթեանի, Լիաննա Դաւթեանի եւ Գայիանէ Պերթրանի հետ:

Դեսպան Բալայեան թեկնածուներուն ներկայացուցած է Հայաստանի քաղաքական եւ ընկերային դրութիւնը, տարածաշրջանային քաղաքական մօտեցումները, անդրադարձած է բռնի տեղահանուած արցախահայութեան կարիքներու հասցէագրման ուղղուած ՀՀ կառավարութեան ծրագրերուն եւ Ատրպէյճանի հետ սահմանագծման գործընթացին:

Դեսպան Բալայեանի խօսքով` Պելճիքայի յառաջիկայ ընտրութիւններուն հայազգի պատգամաւորներու այսչափ ներկայանալի մասնակցութիւնը հայ համայնքի 100-ամեայ համարկման վառ արտացոլումն է, ինչ որ պէտք է տեսանելի եւ հնչեղ ըլլայ ամբողջ հայութեան շրջանակներուն մէջ:

Պատգամաւորի թեկնածուները իրենց հերթին պատմած են նախընտրական քարոզարշաւի մանրամասնութիւններուն եւ ընտրութիւններու հնարաւոր արդիւնքներուն մասին, իւրաքանչիւրը ներկայացուցած է իր կուսակցութեան հնարաւորութիւններն ու արձանագրած յաջողութիւնները: Թեկնածուները խոստացած են ընտրուելու պարագային Հայաստանին եւ Լեռնային Ղարաբաղին վերաբերող հարցերը մշտապէս պահել ուշադրութեան կեդրոնին եւ բարձրաձայնել նշեալ հարցերը բոլոր հնարաւոր հարթակներու վրայ:

Հանդիպման աւարտին դեսպան Տիգրան Բալայեան բոլորին յաջողութիւն մաղթած է:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment