Հայաստանի Զինուած ուժերուն մէջ կը շարունակուին ռազմավարական հրամանատարաշտաբային զօրավարժութիւնները։
Խաղարկուած են մարտավարական շարք մը դրուագներ, ստուգուած են հրամանատարներու` գործողութիւններու ծրագրաւորման եւ ղեկավարման կարողութիւնները։
Զօրավարժութեան գործնական փուլերէն մէկուն հետեւած է պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ, ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-լեյթենանթ Էտուարտ Ասրեանը։
Զօրավարժութեան մէջ ներգրաւուած ստորաբաժանումներու ղեկավարները ցուցադրած են գործողութիւններ մշակելու եւ իրականացնելու, ներդաշնակ ու գործնական առաջադրանքներ կատարելու իրենց մարտավարամասնագիտական գիտելիքներն ու կարողութիւնները։
Զօրավարժութիւնը աւարտած է Մայիս 20-ին։