Home ԳԼԽԱՒՈՐ ԼՈՒՐԵՐ Պրիւքսէլի Հանդիպման Արդիւնքներով ԵՄ-ն Պիտի Շարունակէ Նպաստել ՀՀ Տնտեսական Զարգացման․ Փաշինեան Ընդունած Է Տոմպրովսքիսը

Պրիւքսէլի Հանդիպման Արդիւնքներով ԵՄ-ն Պիտի Շարունակէ Նպաստել ՀՀ Տնտեսական Զարգացման․ Փաշինեան Ընդունած Է Տոմպրովսքիսը

by MassisPost

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵՄ առեւուտրի գծով յանձնակատար, Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Վալտիս Տոմպրովսքիսը:

Վարչապետը ողջունած է վերջինիս այցը Հայաստան եւ գոհունակութիւն յայտնած Հայաստան-ԵՄ համագործակցութեան մակարդակէն: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է Ապրիլ 5-ին Պրիւքսէլի մէջ կայացած Հայաստան-ԵՄ-ԱՄՆ բարձր մակարդակի հանդիպման կարեւորութիւնն ու ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու արդիւնաւէտ կեանքի կոչումը: Վարչապետը տեղեկացուցած է, որ ՀՀ կառավարութիւնը այսօր ընդունած է Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած անձերու բնակարանային հասանելիութեան պետական աջակցութեան ծրագիրը եւ անոր իրականացման գործին մէջ ընդգծած է ԵՄ օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:

ԵՄ առեւտուրի գծով յանձնակատարը նշած է, որ Պրիւքսէլի եռակողմ հանդիպման արդիւնքներով ԵՄ-ն պիտի շարունակէ նպաստել ՀՀ տնտեսական զարգացման, այդ շարքին՝ ուժանիւթի, ենթակառուցուածքներու, շուկաներու բազմազանեցման, չափանիշերու ներդրման, առեւտրային միջավայրի բարելաւման եւ այլ ուղղութիւններով: Վալտիս Տոմպրովսքիսը յաւելած է, որ այժմ հայաստանեան գործընկերներուն հետ կը մշակուին տնտեսական եւ ներդրումային ծրագրերու առաջնահերթութիւնները:

Զրուցակիցները անդրադարձ կատարած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատման գործընթացին, տարածաշրջանային փոխադրութեան ենթակառուցուածքներու ապաշրջափակման ուղղութեամբ ՀՀ կառավարութեան «Խաղաղութեան Խաչմերուկ» նախագիծին ու անոր սկզբունքներուն, որոնք համաձայնեցուած են 2023 թուականի Յուլիս 15-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետին, Եւրոպական խորհուրդի նախագահին եւ Ատրպէյճանի նախագահին եռակողմ հանդիպման ընթացքին:

Միտքեր փոխանակուած են նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովման շուրջ: Այդ ծիրին մէջ կարեւորուած է Հայաստանի մէջ ԵՄ քաղաքացիական առաքելութեան գործունէութիւնը:

Հարակից Նյութեր

Leave a Comment