Ատրպէյճանական կողմը հակուած է Հայաստանի հետ սահմանազատման գործընթացը շարունակելու նոյն ձեւաչափով, որ կիրառուած է հայաստանի Տաւուշի մարզի եւ Ատրպէյճանի Ղազախի շրջանի հատուածին մէջ։
Կառավարութեան նիստին ժամանակ այս մասին ըսաւ փոխվարչապետ, Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողովի նախագահ Մհեր Գրիգորեանը՝ նշելով, որ Մայիս 15-ին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպման ժամանակ շարունակուած են քննարկումները՝ կապուած սահմանազատման կանոնակարգին հետ:
«Կարծես թէ համաձայնութիւն կայ, որ այս գործընթացում որդեգրած սկզբունքներն արտացոլուելու են կանոնակարգի մէջ, եւ կանոնակարգի նախագծի վրայ աշխատանքները աշխուժօրէն շարունակուելու են։ Ուզում եմ վերահաստատել, որ ատրպէյճանական կողմը նոյնպէս հակուած է սահմանազատման գործընթացը շարունակել նոյն ձեւաչափով, նոյն ալկորիթմով, որն այս անգամ մենք կիրառեցինք»,- յայտարարեց փոխվարչապետը։